2010-08-03 12:08:15

Նոր Ջուղա - Հայ Կնոջ Տարուան Առիթով Կազմակերպուած Ձեռարուեստի Դասարաններու Բացում


Հայ կնոջ տարուան նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպիչ յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Նոր Ջուղայի հայոց ազգային մանկապարտէզ նախակրթարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռարուեստի դասարաններու բացման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի նախագահ Ռայա Խուտավերդեան։ Ան մատնանշելով հայ կնոջ դերակատարութիւնը ընտանիքին եւ հասարակական կեանքին մէջ՝ ներկաներուն ծանօթացուց յանձնախումբին ծրագրած աշխատանքները՝ աւելցնելով, որ այս դասարանները յանձնախումբին երկրորդ աշխատանքն է, իսկ առաջինը 16 յունիսին Սպահանի մէջ տեղի ունեցած միօրեայ շրջագայութիւնն է, որուն մասնակցած էին շուրջ հարիւր հայուհիներ։ Այնուհետեւ ան բացատրեց, որ այս դասարաններուն մէջ պիտի դասաւանդուին Մարաշի եւ հլունի գործ, ֆիլա եւ այլ ձեռարուեստներ, նշելով, որ յանձնախումբին հետագայ ծրագիրները կը ներառեն նաեւ հաւաքական աղօթքի ուսուցում, մարմնամարզութիւն, ուրախ ժամանց։

Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով հայ կնոջ առաքելութեան եւ դերակատարութեան՝ հաստատեց, որ հայ կինը մեզի համար դաստիարակ, մայր, մտաւորական, ազգային-հասարակական գործիչ եւ մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը պաշտպանողն է։ Ան գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ հայ կինը իր դերակատարութիւնը կ'ունենայ նաեւ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին յոյս յայտնեց, որ անսալով վեհափառ հայրապետի թելադրանքին՝ հայ կնոջ դերը առաւել արժեւորուի մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.