2010-08-03 12:07:44

Հայ ընտանիքին ժառանգելիք նուիրական հարստութիւնը՝ նարեկը


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած է ՆԱՐԵԿ-ի հնագոյն ձեռագրին նոյնութեամբ վերարտադրութիւնը, որ արդէն իսկ մեր ժողովուրդին մատուցուեցաւ յատուկ շնորհահանդէսի ճամբով։ Մագաղաթեայ թերթերու վրայ 1173 թուականին Կիլիկիոյ մէջ գրուած այս հատորին կրկնօրինակները սահմանափակ թիւ կը կազմեն, -միայն 1000 օրինակ-։ Գիրքին թաւշապատ կազմին երկու երեսներուն վրայ ամրացուած են արծաթի վրայ քանդակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բարձրաքանդակը, իսկ միւս երեսը հայկական գեղեցիկ խաչ մը։ Հատորին առաւել վեհութիւն կու տայ նաեւ այն գեղակերտ տուփը, որուն մէջ Անթիլիասի Մայր Տաճարին ու կաթողիկոսարանի զինանշանին նրբակերտ պատկերները եւս մետաղի վրայ փորագրուած են։ Հայ ընտանիքին սերունդէ սերունդ փոխանցելիք նուիրական այս հարստութիւնը ունի նաեւ յատուկ վաւերագիր, որուն մէջ զայն սեփականացնողն ու առաջին ժառանգողը իրենց խրատը պիտի արձանագրեն յաջորդ սերունդներուն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.