2010-08-02 12:34:10

Հոգեւոր Կրթութիւն Զմմառու Մայրավանքին մէջ- Լիբանան։


Զմմառու Մայրավանքին վարչութեան տեղեկութեան համաձայն, ընթացիկ տարուայ Հոգեւոր Կրթութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11-12 եւ 13 Օգոստոսին, Զմմառու Մայրավանքին մէջ ։ Քարոզիչ Հայրն է Յիսուսեան Միաբան՝ Հայր Սամիր Պշարա։

Մայրավանքը նաեւ կը հրաւիրէ միասնաբար մասնակցելու եւ տօնելու դարաւոր եւ յոյժ սիրելի Զմմառու Մայրավանքին անուանակոչութիւնը՝ Վերափոխումն Ս Աստուածածնայ, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 15 Օգոստոս 2010-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Հայրապետական Ս. Պատարագով որուն ընթացքին Բարեշնորհ՝ Ռոպէր Գրիգոր Կիսասարկաւագ Պատիշահ պիտի ստանայ Սարկաւաութեան կարգը։ Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Խաղողօրհնէք։

Աւելցնենք որ Զմմառու վարչութիւնը կրկին լոյս պիտի ընծայէ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան ՜՜Զուարթնոց 2010՝՝ տարեգիրքը, որպէս զի անոր ընդմէջէն արծարծուին Քահանայութեան եւ Միաբանութեան սէրն ու առաքելութեան խանդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.