2010-08-02 12:33:03

Ալպանօ թեմի եպիսկոպոսին ելոյթը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի արձակուրդի մասին։


Գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ` առաջնորդը Ալպանօ թեմին, որուն թեմէն ներս կը գտնուի ՜Գասթելգանտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցը, Ռատիօվատիկանի հետ ունեցած ելոյթին ըսած է թէ Յուլիս եօթէն սկսեալ Սրբազան Հայրը Գասթելգանտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցը կը գտնուի, ուր հանգիստ կը կատարէ։ Արդարեւ բացի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն, Նորին Սրբութիւնը հրապարակային ոչ մէկ գործունէութիւն կը կատարէ։ Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները պիտի վերսկսին 4 Օգոստոսին։

Կիրակնօրեայ հրապարակային աղօթքը, դիտել տուաւ Գերապայծառ Մարչելլօ, առիթ կ'ընծայեն Սրբազան Հօր տեսնելու, անսալու եւ ողջունելու հաւատացեալները եւ ուխտաւորները եւ այս ամէնը Սրբազան Քահանայապետին մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը պատճառեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.