2010-07-31 11:22:04

Սան Փեթերզպուրկի մէջ զինուորական մարզիկներու հանդիպում։


Սան Փեթերզպուրկի մէջ զինուորական մարզիկներու հանդիպում։
ԱՊՀ երկիրներու բարեկամական ԶՈՒ-երու 7-րդ սպարտակիատան տեղի կունենայ Սան Փեթերզպուրկի Պալատական հրապարակին վրայ, Յուլիս 25-30ին։ Այս տարի սպարտակիատան նուիրուած է 1941-1945թթ. Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 65-ամեակին։ Միջոցառումը տեղի կունենայ ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու խորհուրդի որոշման համաձայն։ Սպարտակիատային կը մասնակցին եւ Հայաստանի, Ուքրանիայի, Տաճիկստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Կիրգիզիայի, Թուրքմենստանի, Ուզբեկիստանի զինուած ուժերու մօտ 300 զինուորական մարզիկներ։



Յ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՀԵՔԻԱԹԸ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ Է ՏԱՍՆԵՐԵՔ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է Յ Թումանեանի Բարեկենդանը հեքիաթին 13 լեզուներով թարգմանութեան շնորհահանդէսը։ Գիրքը թարգմանուած է՝ ռուսերէնի, անգլերէնի, սպաներէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, թրքերէնի, քրտերէնի, չինարէնի, ճափոներէնի եւ հնդկերէնի, իսկ գիրքերուն թարգմանիչներն են Երեւանի պետական համալսարանի եւ Վ Բրիւսովի անուան պետական լեզուագիտական համալսարանի դասախօսները եւ դեսպանատուներու աշխատակիցները։ Նշենք, որ հրատարակուած գիրքերուն հետ միասին կայ նաեւ ելեկտրոնային խտասալիկ, որուն մէջ կը հնչէ Բարսեղ Կանաչեանի Օրօր երգը՝ մեկնաբանութեամբ Լուսինէ Զաքարեանի, իսկ գիրքերուն վերջաւորութեան զետեղուած է Յ Թումանեանի կենսագրութիւնը։



ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՕՐԸ

Յուլիս 4-ը Հայաստանի Ազգային գրադարանին օրն է, որ ձեռնարկով մը նշուեցաւ յուլիս 7-ին։ Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան, որ շնորհաւորեց բոլորը եւ գրադարանի մատուցած ծառայութիւններու համար պատուոյ գիրեր յանձնեց քանի մը աշխատակիցներու։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Աշոտ Ղազարեան, Հայաստանի մշակոյթի աշխատողներու միութեան նախագահ Ժաննա Թորոսեան եւ եգիպտահայ հասարակական գործիչ Պերճ Թերզեան, որ գրադարանին յանձնեց Արեւ, Յուսաբեր օրաթերթերուն եւ Ջահակիր շաբաթաթերթին արխիւը՝ հրատարակման օրէն մինչեւ 2000 թուական, ամբողջութեամբ մանրաժապաւէնի վրայ նկարուած։ Ազգային գրադարանին մէջ կազմակերպուած էին բազմաբնոյթ ցուցահանդէսներ, որոնց ընթացքին ներկայացուած էին Ազգային գրադարանին մէջ պահպանուող հնատիպ գիրքեր, քարտէսներ, թերթեր, դրամաթուղթեր, հրաւիրատոմսեր, բացիկներ, ոչ գրքային հրատարակութիւններ։

Երեւանի մէջ խորհրդակցական հանդիպում պետութեան ու հրատարակչական ընկերութիւններու միջեւ։
ՀՀ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող հրատարակչական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցությամբ, որը վարեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը։ Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են հրատարակչութիւններուն կողմէ բարձրացած հարկային եւ մաքսային ոլորտի օրէնսդրութեան առնչուող շարք մը հարցեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.