2010-07-31 11:38:03

Երուսաղէմի Լատին Եկեղեցւոյ Պատրիարք ֆուատ Թուալ կը շնորհաւորէ Գերապատուելի Մունիպ Եունանը նորընտիր Նախագահը Լուտերական Համաշխարհային Դաշնակցութեան


Յորդանանի եւ Ս. Երկրի լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդը` գերապատուելի Մունիպ Եունան, լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ ։

Լուտերական Համաշխարհային Դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1947ին եւ աշխարհի մէջ ունի 70 միլիոն հետեւորդ հաւատացեալներ եւ 79 երկիրներու մէջ ունի 140 եկեղեցիներ։

Գերապատուելի Մունիպ Եունանի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Սդոգգարտայի մէջ անցեալ 24 յուլիսին համախմբուած լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան 11րդ Համահաւաքի ընթացքին։ Համահաւաքը իբրեւ Բնաբան ունէր ''տուր մեզ զհաց մեր հանապազոր''։

Գերապատուելի Մունիպ Եունան ծնած է Երուսաղէմ։ Ան միշտ եղած է պայքարող մը Միջին Արեւելքի արդար խաղաղութեան ի խնդիր եւ միաժամանակ նախաձեռնող մը եղած է միջկրօնական երկխօսութեան։ Իր աստուածաբանական ուսումները կատարած է Միացեալ Նահանգներու եւ ֆինլանտիայի մէջ։ Եղած է հոգեւոր առաջնորդ նոր սերունդի, ապա առաջնորդ Երուսաղէմի։

Գերապատուելի Մունիպ Եունանի ընտրութեան առթիւ Երուսաղեմի Լատին Եկեղեցւոյ Պատրիարք ֆուատ Թուալ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Գերապատուելի Եունանին ուր յայտնած է իր շնորհաւորական մաղթանքը, խոր ուրախութիւնը եւ աղօթքը որպէսզի Յիսուս Քրիստոս, այս երկրի զաւակը, կանգնի միշտ ապաւէն ու պահապան այս ''հողի'' բարիքին, քրիտոնեաներու միութեան, կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ պաղեստինեան ժողովուրդի պահանջատիրութեան ի խնդիր։  








All the contents on this site are copyrighted ©.