2010-07-30 11:56:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Հինգ տարուայ քահանայապետութեան կինոյի մը պատկերասփռումը, Քահանայապետական ամառանոցին մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հինգշաբթի 29 յուլիս 29ի՝ յետմիջօրէին, ներկայ գտնուեցաւ կինոյի պատկերասփռումի մը քահանայապետական ամառանոցի Զուիցերական դահլիճին մէջ ''Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հինգ տարիները` տպաւորութիւններ Հռոմի եւ առաքելական ճամբորդութիւններու մասին '' վերտառութեամբ, պատրաստուած՝ Պավարիայի Ռատիօ-հեռուստատեսիլէն։ Այս շարժապատկերը հաւաքածոյ մըն է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի շարք մը կարեւոր պահերուն իր ընտրութենէն մինչեւ այսօր։

Ներակայացումին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսք մը յղեց ներկաներուն ըսելով։ Այս պահուս կրնամ պաարզապէս շնորհակալ ըլլալ Պավարիայի Ռատիօ-հեռուստատեսիլին որ մեզի առիթը ներկայացուց վերապրելու եւ դիտելու Պետրոսի Աթոռի եւ եկեղեցւոյ իմ հինգ տարուայ ծարայութեանս։ Յուզիչ էր ինծի համար տեսնել որոշ պահեր մանաւանդ այն օրը որ Տէրը իմ ուսերուս վրայ ուզեց դնել ՜՜Եկեղեցւոյ Ծարայութեան՝՝ բեռը. բեռ մը որ կարելի է շալկել միայն Աստուծոյ օգնութեամբ եւ Իրեն միջոցաւ։ Ակնյայտ եղանք, շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը, Եկեղեցւոյ կեանքին, անոր հարստութեան, մշակոյթներու զանազանութեան, Իւրաշնորհումներուն եւ թէ ինչպէս այս տարբերութիւններու ընդմէջէն կ̓ ապրի ՜՜Մի Եկեղեցի՝՝ եւ Պետրոսի Գլխաւորութիւնը այս դերը կը կատարէ յայտնաբերելու եկեղեցւոյ միութիւնը զանազանութեան եւ տարբերութիւններու ընդմէջէն։ Տեսանք նաեւ՝ թէ ի՞նչպէս Եկեղեցին այսօր ալ, թէեւ տանջուած՝ սակայն ուրախ եկեղեցի մըն է, երիտասարդ եկեղեցի մը։ Շատ հետաքրքրական եղաւ նաեւ՝ Կինոյի նուագային բաժնի մէջ մէջբերել Պեդհովէնի Իններորդ Սինֆոնեան ''ուրախութեան գոհաբանութիւն'' ը որ կը մատնանշէ մարդկային փրկութիւնը Յիսուսի միջոցաւ։ Հաճելի եղաւ նաեւ Կինոն եզրափակել Տիրամօր այցելութեամբ։ Մայրը՝ որ մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ հեզ, հնազանդ եւ ուրախ իմանալով՝ թէ Աստուած մեր հետն է։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.