2010-07-30 11:29:39

Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարի այցը Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան:


Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարի այցը Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան:

Տիկին Հրանուշ Յակոբեան' Հ Հ Սփիւռքի նախարարը, ընկերակցութեամբ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Տիար Գագիկ Ղալաչեանի այցելեց ֆիքսի՝ հայ կաթողիկէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ մուտքին ժողովրդապետ Տէր Ռափայէլ քհնյ. Շէֆիքեան շքեղ ընդունելութեամբ դիմաւորեց հիւրերը։ Եկեղեցւոյ մէջ հիւրերը դիմաւորուցեան հաւատացեալներու կողմէ, «Հայր Մեր» տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։

Ժողովրդապետը անդրադարձաւ իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ եւ վիճակին անցեալի եւ ներկայ իրավիճակին ։

Տիկին Յակոբեան նախ ուրախութեամբ յայտնեց ներկայ գտնուելու հայկական եկեղեցիէն ներս, որ երկար տարիներ նպաստած է հայապահպանման ծառայութեան համար. ապա ան խօսեցաւ Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան նպատակին եւ գործունէութիւններուն մասին, հրաւիրելով բոլորը յաճախ այցելելու մայր հայրենիք, Հայաստանը։

Այցելութեան աւարտին, յիշատակի նուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Տէր Ռափայէլին եւ տիկին Յակոբեանին միջեւ։ Ինչպէս նաեւ նախարարուհին իր յիշատակի յուշերը արձանագրեց եկեղեցւոյ յուշամատեանին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.