2010-07-30 11:25:49

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդի այգելութիւնը հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդին -Լոս Անճելըս


Չորեքշաբթի,21 յուլիս 2010-ին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ԱՄՆի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը, ընդունեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ՝ Արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեանին, ընկերակցութեամբ՝ Լոս Անճելըսի ու շրջակայի նոր նշանակեալ ժողովրդապետ գերապատիւ Հ. Գրիգոր վրդ. Շահինեանին, փոխ ժողովրդապետ Հ. Արմենակ վրդ. Պետրոսեանին, ինչպէս նաեւ համայնքի վարչական ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, իսկ աւելի ուշ՝ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու մօտ կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր:

Մուշեղ արք. ողջունելով հիւրերը, շնորհաւորեց նաեւ հայր Գրիգորն ու հայր Արմենակը, իրենց նոր պաշտօններուն ստանձնումին առիթով, մաղթելով յաջողութիւն եւ օգտաշատ ծառայութիւն համայնքին ու հայութեան։

Խորհրդակցութեան նիւթ եղան հայութիւնը յուզող այժմէական հարցեր ու մասնաւորաբար՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան հասարակական կեանքին վերաբերող խնդիրներ։ Վեր առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ հայութեան տարբեր յարանուանութիւնները սերտօրէն կը գործակցին իրարու հետ, հոգեւոր կեանքի թէ ազգային հարցերու կալուածներուն մէջ, եւ թէ՝ այդ գործակցութեան շարունակումն ու զարգացումը մեծապէս կը նպաստէ մեր ժողովուրդին ու ազգային հարցերու հետապնդման։

Հանդիպումի աւարտին, Մուշեղ արք. յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն՝ միաժամանակ անոնց ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով Ազգ. առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներուն մասին։





ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը երկուշաբթի, 26 յուլիս 2010-ին այցելեց Պիքֆայայի հայոց Ս. Աստուածածին վանք եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ:

Յանձնախումբին մաս կը կազմէին Փաքիստանէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն եւ իսլամական այլ երկիրներէ ժամանած երկու կրօններուն պատկանող երկսեռ պատուիրակներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ յատկապէս վեհափառին տրուած սոյն այցելութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էին կաթողիկոսութեան միջկրօնական յարաբերութիւնները եւ դրական գործունէութիւնը թէ՛ Իրանի հետ՝ երկխօսութեամբ, եւ թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ ու այլ իսլամական յանձնախումբերու հետ՝ աշխատանքային հանդիպումներով:

Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գործնական օրինակ իբրեւ Լիբանանը տալով՝ վեհափառը այս առիթով խօսեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ ,ապրուող երկխօսութեանե մասին: Յանձնախմբային աշխատանքներէ աւելի, մարդկային կեանքի պայքարէն եկող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու կոչ ուղղեց վեհափառը: Ան նաեւ անդրադարձաւ լիբանանեան թէ միջազգային մակարդակներու վրայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքին, ընդհանրապէս միջկրօնական եւ յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.