2010-07-30 12:22:27

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Հայազգի երգահան-երգիչ Արզաս Ոսկանեան։

Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, փրոֆ. Արզաս Ոսկանեան նաեւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ազգային նուագարաններու եւ հայ երգեցողութեան բաժինի վարիչն է ։

Արզաս Ոսկանեան ծնած է 1947-ին, Դիլիջան։ Տասներեք տարեկանին սկսած է յաճախել երաժշտական դպրոց եւ նուագել փողային նուագախումբի մէջ։ Ուսումը շարունակած է Վանաձորի Միքայէլ Թաւրիզեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին թաւջութակի եւ երգեցողութեան բաժիններուն մէջ։ Ուսումնարանի երրորդ դասարանէն ընդունուած է երաժշտանոցի երգեցողութեան բաժին՝ յաճախելով նաեւ փրոֆ. Էդուարդ Միրզոյեանի դասընթացքներուն։ 1976-ին դարձած է Հայաստանի երաժիշտներու միութեան անդամ։ 1977-1978-ին Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկին մէջ դասաւանդած է երգեցողութիւն եւ գործիքաւորում։ 1978-ին հրաւիրուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցի ժողովրդական նուագարաններու ամպիոն՝ դասաւանդելու տարբեր առարկաներ։ 1989-ին Արզաս Ոսկանեան ստեղծած է Սրինգ նուագախումբը, որուն նպատակն էր ներկայացնել հայ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները։ Արզաս Ոսկանեան ղեկավարած է նաեւ ՜՜Խորան՝՝ կնոջական երգչախումբը։ Ան 1991-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ստեղծած է Երեւան երգչախումբը, որ հետագային կոչուած է Վարպետներ։

Արզաս Ոսկանեան համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Ան հեղինակ է օփերայի, համերգներու, քանթաթներու, ծաւալուն պատարագի, քառեակներու, սոնաթներու, խմբերգային եւ երգեցողութեան շարքերու։ Հայազգի Ոսկանեան 2003-ին իր ՜՜Պատարագ՝՝ ստեղծագործութեան համար արժանացած է պետական մրցանակի։

Նշենք, որ հայազգի մեծ երգահանը Արզաս Ոսկանեան կը շարունակէ ստեղծագործել՝ հարստացնելով հայ երաժշտարուեստի գանձարանը։

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ վերջերս երգահան-երգիչին մեծարանքի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ որուն ներկայ եղան Սայաթ-Նովա մշակութային միութեան նախագահը՝ Թովմաս Պօղոսեան, երգչուհի Մարգարիտ Շահինեան, երգչուհի Ռուզան Աւետիքեան, երաժշտագէտներ եւ հիւրեր։

Սոյն ձեռնարկին, խօսք առած է Ազգային գրադարանի տնօրէնութեան անունով՝ գրադարանին փոխտնօրէնը՝ Ռաֆիկ Ղազարեան, որմէ ետք մեծարեալին՝ անցած ստեղծագործական ուղին ներկայացուցած է Անի Վարդանեան' Ազգային գրադարանի նոթային երաժշտական գրականութեան բաժինի աշխատակիցը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.