2010-07-29 12:01:00

Սրբազան Քահանայապետին թուղթը Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքին. ''Ս. Երկրի կաթողիկէները կանչուած են ուրախութեամբ համագործակցելու, նիւթին մասին։


Սրբազան Քահանայապետին թուղթը Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքին. ''Ս. Երկրի կաթողիկէները կանչուած են ուրախութեամբ համագործակցելու, նիւթին մասին։
Սրբազան Քահանայապետը Երուսաղէմի Լատիներու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալի ուղղած նամակով մաղթանք յայտնած է որ Ս. Երկրի լատին կաթողիկէները իրենց բառբարներով, աւանդութիւններով ու բարքերով , աշխատին իրարու միջեւ համագործակցիլ ամենայն համերաշխութեամբ եւ ուրախութեամբ, որպէս թէ ըլլային քոյր-եղբայրներ, որպէսզի դառնան շինիչ օրինակը անքակտելի միութեան սիրոյ մէջ։ Իր այս նամակով Նորին Սրբութիւնը ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել Թուալ պատրիարքին, Կիպրոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ Կիպրոսի լատին հասարակութիւնը բոլոր դարերու հոլովոյթին գիտցաւ պահպանել իր հարուստ մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.