2010-07-29 11:40:09

Անտիոքի հայկական 6 Եկեղեցիներու համալիրին վրայ մզկիթ կառուցուած է


ԱՆՏԻՈՔ - Ըստ թրքական Սապահ թերթին, Անտիոքի Սամանդաղ կոչուած շրջանին կից, Եողուն Օլուք գիւղի շուրջ 350 տարեկան հայկական 6 եկեղեցիներէ բաղկացած համալիրին վրայ, 1915-1920ական թուականներուն գիւղէն հայերու հեռանալէն ետք բնակութիւն հաստատած թուրքերուն կողմէ, 1940ին կառուցուած է մզկիթ մը, որ այժմ կը գործէ իբրեւ աղօթատեղի։

Գիւղացիները պատմած են, որ մզկիթը հայկական եկեղեցւոյ վրայ կառուցելուն պատճառ դարձած է մզկիթ կառուցելու համար դրամ չունենալը, հետեւաբար, հայկական եկեղեցին մէկ տարի շարունակ օգտագործուած է իբրեւ մզկիթ։ Այնուհետեւ, 6 եկեղեցիներու համալիրին վրայ անոնք կառուցած են մզկիթը, որուն տակ գտնուող եկեղեցիները գիւղացիները օգտագործած են իբրեւ խոտի պահեստ, ախոռ եւ պահեստարան։

Գիւղացիները նաեւ յայտնած են, որ Ուրախ պիտի ըլլան, եթէ եկեղեցին բացուի իբրեւ հայերու աղօթատեղի։ Թրքական թերթը յայտնած է, որ ժամանակին Անտիոք (1940էն ի վեր՝ թրքական Հաթա) ժամանած ուխտաւորներու հետ միասին ժամանած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը։

Նշենք, թէ հայկական 6 եկեղեցիներուն գիւղը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական Վաքըֆ գիւղի հարեւանութեամբ։ Վաքըֆի հայ բնակիչները նոյնպէս ըսած են, թէ Եողուն Օլուքի եկեղեցին պէտք է բացուի արարողութիւններու համար։ Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են, անհրաժեշտութեան պարագային՝ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու, եկեղեցին նորոգելու նպատակով։

Նշենք նաեւ, որ եկեղեցին զարդարուած է քարի վրայ նուրբ զարդանախշերու փորագրութիւններով, ինչպէս նաեւ հայերէն գրութիւններով։ Եկեղեցիներու համալիրը կառուցուած է առողջ հիմքի եւ սիւնազարդ բազմաթիւ կամարներու վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.