2010-07-28 10:41:25

Տաթեւի մէջ յայտնաբերուած է ԺԷ. դարու Ձիթահանի մամլիչի հին մեքենան:


Տաթեւի մէջ յայտնաբերուած է ԺԷ. դարու Ձիթահանի մամլիչի հին մեքենան:

Վերջերս Տաթեւի վանական համալիրի տարածքին գտնուող Ձիթհան վայրի մաքրութեան աշխատանքներուն ընթացքին, յայտնաբերուած է լաւ վիճակի մէջ պահպանուած ձէթի մամլիչի հին մեքենան, ինչպէս նաեւ արտադրութեան համար օգտագործուող յատուկ տաշած քարերն ու կաւէ կուժերը։

Տաթեւի Ձիթահանի վերանորոգումը կ՛իրականացուի Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի Տաթեւի Վերածնունդ ծրագրի ծիրէն ներս՝ ԱՌԳԱ հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ։

Նշենք, որ ԺԷ. դարու այս Ձիթահանը ոչ միայն պատմական կարեւոր յուշարձան է, այլ, վերականգնման աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ անիկա պիտի դառնայ նաեւ զբօսաշրջային հարստութիւն՝ այցելուներուն ներկայացնելով Տաթեւի տարածաշրջանի հնադարեան մշակոյթի եւ խոհարարութեան աւանդոյթներէն մէկը։ Հետազօտական եւ վերականգնողական աշխատանքներու պատշաճ իրագործման համար, հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմուած է Տաթեւի Վերածնունդ ծրագիրի վերահսկիչ յանձնաժողով՝ բաղկացած վերականգնման, ճարտարապետութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու տեղական եւ միջազգային փորձագէտներէ։

Յուշարձանը պիտի վերանորոգուի Հոկտեմբերին եւ այցելուներուն պիտի ներկայացնէ Տաթեւի մէջ ձէթի արտադրութեան ամբողջ պատմութիւնը։ Այնուհետեւ պիտի ընթանան մեքենայի վերագործարկման ուղղուած աշխատանքները, զորս կը նախատեսուի աւարտել 2011ի գարնան։








All the contents on this site are copyrighted ©.