2010-07-28 11:08:45

Վատիկանեան տեղեկութիւններ: Կարտինալ Քասբերի ցաւը. ՜՜չկարողանալ բաժնել բողոքականներու հետ միութիւնը՝՝։


Կարտինալ Քասբերի ցաւը. ՜՜չկարողանալ բաժնել բողոքականներու հետ միութիւնը՝՝։
Եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին երբեմնի նախագահ՝ Կարտինալ Քասբեր, որ յուլիս մէկին իր հրաժարականը ներկայացուցած էր յառաջացած տարիքին բերումով, խօսք առնելով Լիւտերական համաշխարհային Դաշնակցութեան կեդրոնին մէջ, յայտարարած է թէ՝ իր մեծ ցաւը եղաւ ՜՜չկարողանալ հաղորդութիւնը հաստատել բողոքական եկեղեցիներու հետ՝՝։ Ապա Կարտինալը յարեց . ՜՜վերջին տարիներուն կարողացանք քաղել պտուղները երկխօսութեան, գոհունակութեամբ իմացայ թէ հունձքը յուսացածէս աւելի հարուստ եղաւ, մաղթանքս է որ գործը շարունակուի որովհետեւ կարող չենք կառչած մնալ մեր անհասկցողութիւններուն՝՝։

''Կրօններու տուն'' կոչուած կազմակերպութիւնը մտադիր է մեծ կեդրոն մը կառուցել։
''Կրօններու տուն'' կազմակերպութեան պատասխանատուները արտօնագիր մը ներկայացուցած են Պերնի իշխանութեան մեծ համալիրի մը կառուցման համար։ պատասխանատուներու գնահատումով՝ շինութիւնը պիտի արժէ աւելի 80 միլիոն զուիցերական ֆրանք։ ծրագիրը կը ներփակէ ժողովասրահներ, յարկաբաժիններ, պանդոկներ եւ կրօններու տուն, ինչպէս նաեւ գրասենեակներ։ Կառուցման աշխատանքը կը նախատեսուի սկսիլ յառաջիկայ տարւոյն՝ 2011-ի կէսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.