2010-07-27 12:33:08

Եւրոպայէն Տասնեակ հազարաւոր դպիրներ Հռոմ կը համախմբուին։


Երեքշաբթի 3 օգոստոս 2010ին, երեկոյեան հանդիպում կ'ունենան Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին հետ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։



Երեքշաբթի օգոստոս 3ին եւ 4ին, տասնեակ հազարաւոր խորանը սպասարկող դպիրներ ուխտագնացութիւն կը կատարեն Հռոմ, ունենալով որպէս բնաբան` ''ըմպել ճշմարիտ աղբիւրէն''։

Երեքշաբթի երեկոյեան Եւրոպայի զանազան երկիներէն ժամանող՝ աւելի քան 50 հազար դպիրներ ս. Պետրոս հրապարակը պիտի համախմբուին, նախ համերգ մը պիտի տան, ապա երեկոյեան ժամասացութեան պիտի մասնակցին, հուսկ խօսք պիտի առնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։

Չորեքշաբթի օգոստոս 4ին, դպիրները պիտի մասնակցին Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան։ Անոնց նախագահը զուիցերացի գերպայծառ Մարթէն Կաշդեր յանուն դպիրներուն ողջոյնի խօսք մը պիտի ուղղէ Սրբազան Հօր եւ անոր պիտի նուիրէ ճերմակ դաշկինակ մը։ Ունկնդրութեան աւարտին դպիրները համերգով մը պիտի մեծարեն Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Համպուրկէն եկած նուագախումբով։





Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասը կը ֆինանսաւորէ Գամերունի երիտասարդներու կազմաւորման մէկ ծրագիրը։

Վերոյշեալ ծրագիրը կը միտի առիթ տալ աղքատ կամ շինական շրջանի մէջ ապրող յաջող ուսանողներուն ուսման մէջ աւելի յառաջանալու ։ Այս ծրագրին իրականացումը յանձնուած է յիսուսեան հայրերուն։ dx 3

Արխենթինայի եկեղեցին բաղձանք յայտնած է խորաններու պատւոյն բարձրացնել նահատակ երկու քահանաներ որոնք զոհ գացին մենատիրութեան տարիներուն, (1976-1983)։

Առաջինը արխենթինացի հայր Գարլոս Մուրիաս իսկ երկրորդը ֆրանսացի Գաբրիէլ Լոնկվիլ, որոնք գնդակահար ինկան Լարիոխա մարզի մէջ։ Մարզին թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ռոտրիկէս մտադիր է յառաջիկայ դեկտեմբեր 12ին պաշտօնապէս ներկայացնել անոնց սրբադասման դատը։

Յայտնենք թէ մենատիրութեան տարիներուն կորսուածներու թիւը, մարդասիրական կազմակերպութիւններէն կը գնահատուի, շուրջ 30 հազարի ։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.