2010-07-27 12:45:46

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի Հանրապետութեան դեսպանատան մշակութային կցորդը:


Երկուշաբթի 26 Յուլիս 2010-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Հայրապետական ամարանոցին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան մշակութային կցորդը:  Իր օգնականներուն հետ Վեհափառ Հայրապետին ներկայանալով, Մուհամմէտ Հիւսյէն Զատէ Իրանի փոխ-նախագահէն պաշտօնական նամակ յանձնեց Նորին Սրբութեան, ուր յանուն Կրօններու ու Մշակոյթներու Երկխօսութեան  կեդրոնին ու պետութեան, հրաւէր կը տրուէր Նորին Սրբութեան, պաշտօնական այցելութիւն տալու Իրան:

Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան նիւթ դարձաւ երկու ամիսներ առաջ Անթիլիասի մէջ կայացած պաշտօնական երկխօսութեան չորրորդ նիստը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ:

Նորին Սրբութիւնը այս առիթով դարձեալ շեշտեց Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ իր դրական արդիւնքը պիտի ունենայ, գոյակցութենէ գործակցութիւն առաջնորդելով երկու կրօններն իրենց հետեւորդներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.