2010-07-26 13:18:39

Լուրեր Հայ աշխարհէն


Լուրեր Հայ աշխարհէն

168 ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ
Թեհրան-Երեւան օդանաւի արկածին զոհ գացած 168 ճամբորդներուն մահուան առաջին տարելիցին առիթով, 15 յուլիսին Թեհրանի հայոց Նոր Բուրաստան գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան մէկ առ մէկ յիշատակեց բոլոր զոհուածներուն անունները եւ իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ ըսաւ, որ մարդկային մեր կեանքը կը սկսի այս աշխարհէն եւ կը վերջանայ յաւիտենականութեան մէջ։ Ապա հոծ բազմութիւնը խնկարկեց զոհուածներու շիրիմներուն վրայ եւ անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցեց անոնց անմեռ յիշատակին, որ այսուհետեւ յաւերժ պիտի մնայ հոն տեղադրուած յուշակոթողով։

ԹԵՀՐԱՆ - ԱՐԻԱՆԱ ԳԱՐԴԵՇԳԱՐ ԹԵՐԹԸ՝ ԹԱԴԷԻ ՎԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
Արիանա Գարդեշգար գունաւոր պարբերականը իր վերջին (յունիս-յուլիս) համարին մէջ երկու էջով անդրադարձաւ Թադէի վանքին մասին՝ Շրջապտոյտ հնագոյն եկեղեցւոյ մէջ Ղարաքիլիսան աստուածային կրօններու հետ իրանցիներու բարեկամութեան խորհրդանիշն է վերնագրով։
Պարբերականը վանքի աշխարհագրական դիրքին եւ պատմական տուեալներուն մասին մանրամասնութիւններ տպագրելով՝ կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ եւ վանքի համալիրին կառոյցը եւ կ'ակնարկէ Թադէի վանքի ուխտագնացութեան արարողութեան։ Պարբերականը, ըստ Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան հնագէտ Ռեզա Հէյտարիի, գրած է Կառոյցին ընդհանուր կերպարը կը պատկերացնէ Արարատ լեռը։

ԿԻՊՐՈՍԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Կիպրոսի պետական համալսարանը որոշած է յառաջիկայ սեպտեմբերէն սկսեալ համալսարանին մէջ հայոց լեզուի դասընթացք հաստատել։
Դասընթացքին ընդհանուր տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու կրթական տարեշրջան։ Իւրաքանչիւր տարեշրջան պիտի բաղկանայ 75 ժամուան դասատուութենէ եւ սակը պիտի ըլլայ 150 եւրօ՝ տարեկան։ Ուսանողները ծրագրին աւարտին պիտի ստանան վկայականներ՝ համալսարանի Լեզուներու ուսուցման կեդրոնէն։

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՐՈՂ ԺԻԼՊԵՐ ՍԻՆՈՒԷՅԻ ԵՐԵՒԱՆ ԳԻՐՔԸ՝ ՊՈՒԼԿԱՐԵՐԷՆ
Փլովտիւի Թրաքարթ մշակութային համալիրի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վակոն հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած ֆրանսացի գրող Ժիլպեր Սինուէյի Երեւան գիրքին պուլկարերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը։
Գիրքը վաւերագրական վէպ մըն է, որուն հերոսները իրական տիպարներ են՝ առնուած 1915-1922-ի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան շրջանէն։ Գիրքը փաստերով եւ ականատեսներու վկայութեամբ կանդրադառնայ այդ շրջանի ցաւալի դէպքերուն։

ԿՈՐՔԻԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին եւ Արարատ տան Էսքիճեան թանգարանին, թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ, որուն ընթացքին ներկայացուեցան աշխարհահռչակ նկարիչ Արշիլ Կորքիի կեանքն ու գործերը։
Տոքթ. Աւետիքեան կարդաց Արշիլ Կորքի վէպի հեղինակ, մտաւորական Սարգիս Վահագնի կենսագրականը, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց զայն։ Սարգիս Վահագն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ապա սկսաւ իր բանախօսութեան՝ ներկայացնելով Կորքիի կեանքն ու անմահ գործերը։ Ան խօսեցաւ Կորքիի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, անոր երազային մանկութեան ու պատանեկութեան, ընտանիքին դիմագրաւած տառապանքներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, ընտանիքին կորուստին մասին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Կորքիի Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաք ապաստանելուն, թշուառ եւ անգործ վիճակի մատնուելուն, աւելցնելով, որ շնորհիւ իր ձիրքերուն՝ Կորքի յաճախեց Նիւ Եորքի Արուեստի կեդրոնական վարժարանը եւ չնչին եկամուտով մը մաքառեցաւ կեանքին դէմ։

ՊՈԼԻՍ ԹՈՒՐՔ-ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՐՑԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԱՐԱ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ
Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ թուրք-գերմանական լրագրողներու 24-րդ աշխատաժողովը՝ Այժմէական զարգացումներու լոյսին տակ թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները խորագիրին տակ։ Աշխատաժողովը նախաձեռնուած էր Քոնրատ Ատենաուր հիմնարկի Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութեան եւ գերման-թրքական հիմնարկին կողմէ։ Այս ժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Ժամանակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան՝ խօսելու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեան մասին։ Աշխատաժողովին ներկայ էին նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթաք) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռուփրեստ Փոլենց եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի արտաքին գործոց յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճան։ Երկու օրուան ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւնները, անոնց կարեւորութիւնը, Թուրքիա-Հայաստան կապերու բնականոնացման գործընթացը, նաեւ՝ ներքին ու արտաքին հրատապ հարցեր։
Արա Գոչունեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստան Թուրքիոյ կողմէն դիտուեցաւ իբրեւ աչքի մօտիկ, բայց սրտէ շատ հեռու դրացի մը։ Անդրադառնալով Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն՝ Գոչունեան խօսեցաւ երրորդ կողմի շահերուն մասին, մանաւանդ երբ Եւրոմիութիւնը կը ծրագրէ ապագային Արեւելքի ուժանիւթը ստանալ Թուրքիոյ վրայով։ Ան խօսեցաւ նաեւ ղարաբաղեան հարցին, 1915-ի Ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ վերաբերումին եւ անոր հակազդեցութեան մասին՝ թուրքերու եւ հայերու միջեւ։

Հայկական Գերեզմաններ Կը Պղծուին Թուրքիոյ Մէջ - Թուրքիոյ հիւսիսարեւմտեան Սաքարիա նահանգի Սողութլու շրջանին մէջ գտնուող երկու թուրքեր հայկական եւ յունական գերեզմաններ պղծած են: Շրջանի ոստիկանները ձերբակալած են երկու կասկածելիները:
Ըստ ոստիկանութեան հաղորդած նախնական տուեալներուն, երկու օրինախախտ քաղաքացիները գանձեր փնտռելու նպատակով «պեղումներ» կատարած են հայկական եւ յունական գերեզմանոցներուն մէջ: Ըստ «Էրմենիհապեր» լրատուական գործակալութեան, ձերբակալուած կասկածելիներուն դէմ քրէական դատ բացուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.