2010-07-25 13:52:06

Կիրակի օրուայ աւետարանի խորհրդածութիւն


Կիրակի 25 Յուլիս 2010

Երկրորդ Կիրակի Վարդավառէն ետք

Օրինաւո՞ր է որեւիցէ պատճառով իր կինը արձակել

Կ՛ապրինք այսօր աշխարհի մը մէջ ուր ամուսնութիւններու գրեթէ մէկ երրորդը, եթէ ոչ աւելին կը յանգին դէպի ապահարզան. Այս է ահա բարոյական մեծագոյն վէրքերէն մին այսօրուայ մարդկային ընկերութեան։ Նոյնիսկ հազուագիւտ են այն ընտանիքները որոնց հաւատարմութիւնը կը տեւէ մինչեւ մահ, կարծէք թէ բնական բան մը ըլլար թողուլ իր կինը կամ ամուսինը, ուրիշ մը առնելու համար։

Սակայն այն հարցումէն որ կ՛ուղղուի Յիսուսի, ասկէ 2000 տարի առաջ ալ` հաւա-նաբար մարդկութիւնը նոյն վիճակին մէջ էր, որով առաքեալները կը զարմանան երբ Քրիստոս հրաման չի տար մարդուն որ թողու կամ լքէ իր կինը։ Երբ խօսքը ամուս-նութեան մասին է, Յիսուս անտեղիտալի կերպով կը պաշտպանէ ոչ միայն միութիւնը ամուսնութեան, այլ նաեւ հաւասարութիւնը իրաւունքներուն եւ պարտականութիւն-ներուն մարդուն եւ կնոջ միջեւ։ Օրէնքը կը բարձրացնէ մինչեւ ստեղծագործութեան պահը, ինչ որ մասնայատուկ նուիրականութիւն մը կ՛ընծայէ ամուսնութեան. Այս հիման վրայ, յետագային Եկեղեցին պիտի կարգէ մարդուն եւ կնոջ միացումը որպէս խորհուրդ, հաւասար Եկեղեցւոյ միւս խորհուրդներուն։ Երբ Աստուած ինքն է որ կը կատարէ միացումը մարդուն եւ կնոջ միջեւ, որեւէ մարդ կամ մարդկային որեւէ օրէնք այլեւս իրաւունք չունի բաժնելու զանոնք։

Իսկ ինչու՞ Յիսուս այսքան կը պնդէ ընտանեկան միութեան վրայ. Պարզապէս որովհետեւ ընտանիքը հիմը կը կազմէ մարդկային ընկերութեան. Ուստի եւ քրիստոնեայ ընտանիքը հիմն է Եկեղեցւոյ հասարակութեան. Օրինաւոր ու հաւատարիմ զոյգերն են որ կը կազմեն առողջ ու հաւատքով լի հասարակութիւն մը. Բաժանուած ու պառակտուած ընտանիքներու մէջէն արդէն անհետացած է սէրը, ինչ որ զօդն է քրիստոնեայ հասարակութեան միութեան։ Այս պատճառաւ ուրեմն Քրիստոս ալ` ու իրեն հետեւելով` Եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն ընտանիքին մէջ պահելու ու պահպանելու սիրոյ կապը որպէսզի չխախտին հիմերը քրիստոնեայ ընկերութեան։

Իսկ ի՞նչ է պարագան անոնց որ չեն ամուսնանար։ Քրիստոս կը բացատրէ իր աշակերտներուն թէ ինչպէս մարդ կարելիութիւնն ունի բնական բարիքէ մը կամա-ւորապէս զրկուելու, ինքզին բոլորովին նուիրելու համար Աստուծոյ կոչին քարոզելու աւետարանը մարդկութեան մէջ։ 12 առաքեալները գրեթէ ամէնքն ալ ամուսնացած էին եւ ընտանիքի տէր. Հետագային Յիսուս յարոյց անձ մը որ լիովին գիտակցեցաւ կուսակրօն եւ ամուրի վիճակի արժէքին, ան էր Պօղոս Առաքեալը, որ բոլորովին ազատ ըլլալով աշխարհական հոգերէ, կրնար ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ Խօսքի տարածումին աշխարհի վրայ։ Այս է պարագան բոլոր ներկայ կուսակրօն վարդա-պետներու եւ ուրիշ նուիրեալ անձերու որոնք են կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները։

Եթէ ձեր ընտանիքը միացած է ու կ՛ապրի լիովին Եկեղեցւոյ խորհուրդին համաձայն, փառք տուէք Աստուծոյ. Երթալով աւելի կը պակսի աշխարհի վրայ թիւը այսպիսի հաստատ ընտանիքներու։ Իսկ եթէ բաժանումը յառաջացած է ձեր ընտանիքէն ներս, մէկուն կամ միւսին, կամ թէ երկուքին յանցանքով, ժամն է ահա խնդրելու խոնար-հութեամբ Աստուծոյ շնորհքն ու ողորմութիւնը ձեր ընտանիքին վրայ. Եթէ գոնէ յաջողիք ձեր զաւակները մեծցնելու սիրոյ մէջ, Տէրը կու տայ դարձեալ իր օրհնութիւնն ու պաշտ-պանութիւնը, գէթ մասամբ փրկելով ձեր ընտանիքի սրբութիւնը. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.