2010-07-24 13:20:02

՝՝Յիսուսի Բարեկամները՝՝ Գրքոյկը։


՝՝Յիսուսի Բարեկամները՝՝ Գրքոյկը։
Լոյս տեսաւ ''Յիսուսի Բարեկամները'' գրքոյկը, որ կը պատմէ Առաքեալներու պատմութիւնը ներշնջուած՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խորհրդածութիւններէն։
Տէր Խուլիան Գառոն` նախագահը ՝՝հաղորդութիւն եւ ազատագրումի եղբայրութիւն՝՝ Շարժումին , ներշնջուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Յիսուսի առաքեալներու մասին կատարած խորհրդածութիւններէն,( արտասանուած չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկնդութիւններու ընթացքին՝), 48 էջնոց հատորիկ մը հրապարակած է, ուղղուած անչափահասներու։ Նախաբանին մէջ հեղինակը կը գրէ. փոքրաթիւ խումբ մը մարդիկ կային, որ օր մը, 2000 տարի առաջ, հանդիպում ունեցան երիտասարդի մը, որ կը գալէր Գալիլիոյ մէջ։ Այս առաջին աշակերտները հանդիպում ունեցան Յիսուսի հետ, շատ կապուեցան Անոր եւ որոշեցին երբէք չբաժնուիլ Անկէ։ Քահանայապետին այդ խորհրդածութիւնները(կը գրէ հեղինակը )մեզ վկայ կը դարձնեն այն ինչ որ Յիսուս ըսաւ ու կատարեց այդ աշակերտներուն հետ։ Մեզ ականատես կը դարձնէ Յորդանանի գետեզերքը Յովհաննէս Մկրտիչին հետ, որ Յիսուսը կը մկրտէ։ Երբ Անդրէաս եւ Յովհաննէս անոր կը հարցնէ թէ ուր է իր տունը, անոնք Յիսուսէն հետեւեալ պատասխանը կը ստանան. եկ'էք եւ տես'էք։ Ինչպէս` գառնանայն մէկ առաւօտուն, տիբերական լիճին եզերքը, Յիսուս Պետրոսին կը հարցնէ. դուն զիս կը սիր՞ես..,Եւ մեզի լսելի կ'ընէ Պետրոսին պատասխանը. ''Տէր, Դուն ամէն բան գիտես, գիտես նաեւ թէ քեզ կը սիրեմ։
Յայտնենք թէ հատորիկը զարդարուած է նկարներով գործը ֆրանգօ Վինիացիայի։
Կարտինալ Ռէ (որպէս քահանայապետական պատուիրակ) Փեռու այցելեց գլխաւորելու Արեքիբա Թեմի հաստատման 4-րդ դարադարձը։ Յուլիս 14-16 Փեռուի Արեքիբա արքեպիսկոպոսական թեմը տօնախմբեց իր հաստատման 4-րդ դարադարձը։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսական ժողովի, որպէս իր պատուիարկը գլխաւորելու տօնախմբութիւնները եւ եզրափակելու պատմա-աստուածաբանական գիտաժողովը։ Կիրակի օրը իր հանդիսապետած պատարագի ընթացքին վսեմաշուք կարտինալը ցաւով մատնանշեց թէ մեզ շրջապատող աշխարհը ապա-քրիստոնեացումի ուղիին վրայ կ'ընթանայ։ Ամէն օր կը հեռանայ Եկեղեցւոյ հիմնական սկզբունքներէն ու կը մխրճուի յարաբերապաշտութեան շարժուն աւազին մէջ։ Ի տես բազմաթիւ գրաւներու (յարեց կարտինալը) քրիստոնեայ համայնքը կարող է եւ պէտք է պատասխանէ ,ներդաշնակութիւն հաստատելով ժողովրդային բարեպաշտութեան ու արդի մշակոյթի միջեւ, հաւատարիմ մնալով իր քրիստոնեայ պարտականութիւններուն, մասնակցելով կիրակնօրեայ պատարագի եւ ամրապնդելով ընտանեկան հաստատութիւնը որպէս հիմը ու մեծագոյն բարիքը մարդկութեան։
Ներկայ մարտահրաւէրը կը կայանայ ոչ թէ ինչպէս պահպանելու մէջ Աստուծոյ ժողովուրդի քրիստոնեական ժառանգութիւնը, այլ` ինչպէս այդ ժառանգութիւնը ներթափանցելու՝ ներկայ ընկերութեան մէջ, որպէսզի դառնայ աւելի արդար, աւելի մարդկային եւ աւելի խաղաղասէր։ Ասիկա կարելի է իրագործել պահպանելով ժողովրդային բարեպաշտութիւնը։ Այս ուղղութեամբ ըսաւ կարտինալ Ռէ Փեռուի ժողովուրդը միշտ եղած է հաւատարիմ մեկնաբանը աւանդական -ժողովրդային հոգեւորութեան , շատ հարուստ, հիմնուած յատկանշանական որոշ տարրերու վրայ, ինչպէս. սէրը հանդէպ տառապող Քրիստոսին եւ Անոր ներկայութեան ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ, աղքատներու եւ հիւանդներու հայր Աստուածը, որդիական բարեպաշտութիւնը Կուատելուբէի, Աբարեսիտա եւ Շաբի Տիրամօր, բարեպաշտութիւնը հանդէպ սուրբերու, սէրը հանդէպ Սրբազան Քահանայապետի ու Հովիւներու, սէր նկատմամբ ընդհանրական Եկեղեցւոյ, որպէս Աստուծոյ մեծ ընտանիքը։ Ժողովրդային այս հոգեւորականութիւնը(ըսաւ կարտինալ Ռէ իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով) իւրայատուկ է լատին-ամերիկայի ժողովուրդին եւ անոր կուտայ սեպհական դոշմ եւ յատուկ քրիստոնեական գոյն։ Ինչպէս նաեւ իր անհատական, ընտանեկան ու համայնքային գոյութեան բոլոր հանգրուաններու՝ որոշ նշանակութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.