2010-07-23 13:12:18

Եկեղեցական Լուրեր


ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարաններու՝ տարիներու աւանդութիւն դարձած աշակերտական համագումարը ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ ամրան շրջանին։ Այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնին տեղի կ՚ունենայ աշակերտական հնգօրեայ համագումար՝ Այնճարի մէջ։ Համագումարին կը մասնակցին բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցներէն լաւագոյն եւ օրինաւորապէս տարեկան ծրագիրին հետեւող աշակերտները։ Մօտ քառասուն աշակերտներ իրենց պատասխանատուներով 20-25 յուլիսին պիտի մասնակցին բանակումին։
Երեքշաբթի առաւօտուն, աշակերտները բարձրացան Այնճար եւ դիմաւորուեցան իրենց պատասխանատուներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Յովհաննէս սրկ. Իփրաճեանի։ Պատասխանատուները կիրակի օրուընէ այնտեղ կը գտնուէին՝ վայրի պատրաստութիւնը կատարելու համար։
Կէսօրուան ճաշէն անմիջապէս ետք, աշակերտները համախմբուեցան Ազգ. Յառաջ-Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւն։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան։ Քահանայ հայրը աշակերտներուն բացատրեց կազմակերպուած համագումարին նպատակն ու անոր կարեւորութիւնը, ապա յաջողութիւն եւ բարի վայելում մաղթեց անոնց։ Վարիչ մարմնի խօսքը փոխանցեց Ժանին Մարգարեան, որ իր կարգին բարի վայելում մաղթեց աշակերտներուն։ Սոյն համագումարի ընթացքին պիտի ներկայացուին յատուկ դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուի սաղմոսի եւ շարականի ուսուցում։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Հինգշաբթի 22 Յուլիս 2010-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Զօրավար Միշէլ Սլէյմանին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Լիբանանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան:      
Նախագահին եւ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը դիմագրաւող շարք մը հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Հանրապետութեան Նախագահին ի գործ դրած ճիգերը՝ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ կողմերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնելու գծով: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին իր հօրը մահուան առիթով թաղման արարողութեան իր ղրկած ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը իր կատարած այցելութեան առիթով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆԳԼԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երկուշաբթի, 19 յուլիս 2010-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ
Տեքլան Լենկ եպիսկոպոսին։ Պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ ըլլալ քրիստոնեայ համայնքներուն վիճակին:
Երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող պատուիրակութիւնը նոյն օրը առաւօտեան այցելած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին՝ անոր հետ քննարկելով երկրին քաղաքական զարգացումները:
Վեհափառը պատուիրակութեան հետ իր հանդիպման ընթացքին վեր առաւ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները շրջանին մէջ, շեշտը դնելով ներքին աւետարանչութեան եւ կրօնական դաստիարակութեան նոր մղում տալու առաջնահերթութեան վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.