2010-07-22 13:52:31

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Կարտինալ Թոռան Թայլանտիա կ'այցելէ - այցելութեան նպատակն է կաթողիկէներու կապերը ամրապնդել այլ կրօներու հաւատացեալներուն հետ։
Միջկրօնական յարաբերութիւններու քահանայապետական խորհուրդը յուլիս 12-19 Ասիայի միջ-կրօնական հաւաքը կազմակերպած է Թայլանտիայի Սամբրան քաղաքին մէջ։ Այս առթիւ Կարտինալ Թոռան` նախագահը Միջկրօնական յարաբերութիւններու քահանայապետական խորհուրդին, այցելութիւն կատարած է Թայլանտեայ եւ հանդիպում ունեցած է տեղական եկեղեցիներու եւ այլ կրօներու պատասխանատուներուն հետ։ Վերոյիշեալ հաւաքին 30 հոգիներ մասնակցած են, ունենալով որպէս կէտնպատակ քննարկել կաթողիկէներու յարաբերութիւնները այլ կրօներու հաւատացեալներու հետ։ Նշենք թէ Թայլանտիայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը պուտտայական է։ Թայլանտիայի մէջ կան մահմետականներ եւ քրիստոնեաներ, կաթողիկէներու ընդհանուր թիւը շուրջ 300 հազար է։

Չինաստան - Եպիսկոպոսական օծումներու շարք մը, ճանչցուած Պետութենէն ու Եկեղեցիէն։
Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսներու օծումները իրարու կը յաջորդեն։ Անցեալ յուլիս 10-ին Թայշու թեմի եպիսկոպոսին օծումէն ետք, անցեալ յուլիս 15-ին եպիսկոպոս օծուեցաւ 46 տարեկան հայր Ճոն Կզիադինք։ Անոր օծումը վաւերացուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն ու Չինաստանի պետութենէն։ Նորօծ եպիսկոպոսը դարձաւ օգնական եպիսկոպոս Եուլին թեմին։
Նոյնպէս,անցեալ յուլիս 13ին, ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը կարտինալ Իվան Տիազ գոհունակութեան պատգամ մը ուղղած է Չինաստանի Շենկտինք թեմին` ի լուր գերպայծառ Ժիւլ Ժիա Շուկոյի բանտէն ազատագրումի առթիւ։ Դիւանագիտական դէտերու համաձայն այս ամէնը ցոյց կու տան Չինաստինի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը Թուրքմենիստանի մէջ զօրացած է։ Արտօնուած է Անոր հրապարակային ներկայութիւնը։
15 յուլիս 2010-ին Թուրքմենիստանի իշխանութիւնը արտօնած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրապարակային ներկայութիւն, հակառակ անոր փոքր թիւին։ Այդ ճանաչումով կաթողիկէ եկեղեցին կը վայելէ օրինական ու հովուական ճանաչում։ Անցեալ յուլիս 17ին առաքեալակն դեսպանը` գերապայծառ Լուչիպելլօն հանդիպում ունեցած է Թուրքմենիստանի արտգործ ու արդարութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, յայտնելու Ս. Աթոռի գոհունակութիւնը որդեգրուած դրական նոր քայլերուն համար։ Նշենք թէ Թուրքմենիստանը եւ Վատիկանը դիւանագիտական կապեր հաստատած են 1996ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.