2010-07-22 13:52:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոր Թեմ Մը Կը ՀաստատԷ Մալաուի մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոր Թեմ Մը Կը ՀաստատԷ Մալաուի մէջ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մալաուի Քարոնկա քաղաքին մէջ նոր թեմ մը հաստատեց նշանակելով հայր Մարդին Անուէլ Մթոնպուքան որպէս նոր թեմի Եպիսկոպոս։ Հայր Անուէլ փոխ ատենադպիրն է Մալաուի կաթողիկէ համալսարանին։ Յայտնենք թէ Քարունկա թեմը կը հաշուէ շուրջ 61 հազար կաթողիկէ հաւատացեալներ 400 հազար բնակչութեան վրայ։ Քարունկայի Սրբուհի Մարիամ ժողովրդապետական եկեղեցին այժմ կը դառնայ նոր հաստատուած Թեմին Աթոռանիստ եկեղեցին։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը քահանայապետներու պատմութեան 7-րդ երկարակեաց քահանայապետն է։
Առաջին երկարակեաց քահանայապետը եղած է Լեւոն ԺԳ որ 93 տարի ապրած է։ Սակայն Պիոս Թ Քահանայապետը 31 տարի կառավարած է Եկեղեցին 1846-1878։ Իր կեանքին մէկ երրորդը ապրելով որպէս Քահանայապետ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսելով երկարակեցութեան մասին հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարած է՝՝Ծերունազարդ ըլլալ չի նշանակեր միայն երկար կեանք մը ապրիլ, այլ իմաստուն ըլլալ եւ չարութենէն հեռու մնալ։ Աշխարհը յաճախ բախտաւոր կը նկատէ ան որ երկար կ'ապրի, սակայն Աստուած տարիքէն աւելի կը դիտէ մարդուն ուղղամիտ սիրտը։ Աշխարհը կը կարեւորէ ''իմաստունները'', ''գիտունները'', մինչ Տէրը իր նախընտրութիւնը կու տայ ''փոքրերուն''։ Աստուած(կը հաստատէ Սրբազան հայրը) ճշմարիտ իմաստութիւնն է որ չի ծերանար, Ան ճշմարիտ հարստութիւնն է որ չի փճանար, երջանկութիւնն է, որուն խորապէս կը ձգտի իւրաքանչիւր անհատի սիրտը։







All the contents on this site are copyrighted ©.