2010-07-22 13:08:59

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ ԵՐԿՕՐԵԱՅ Պ ԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ։
Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Քարլ Թէոտոր Զու Կութենպերկի հրաւէրով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Գերմանիա մեկնած է։ Նախարարը հանդիպումներ կ՝ունենայ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարին եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ։ Պատուիրակութիւնը կ՝այցելէ Կերմերշէյմի վարժական կեդրոն, ուր Աֆղանիստանի մէջ միջազգային ապահովութեան աջակցման ուժերու կազմին մէջ ընդրկուելիք Հայաստանի զինեալ ուժերու խաղաղապահ զօրախումբի երկրորդ հերթափոխը խաղաղապահ առաքելութեան մեկնելէն առաջ նախատեղակայման վարժութիւններ կը կատարէ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է Սէյրան Օհանեանի հանդիպումը Գերմանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ։
21 յուլիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովի 2010 տարուան նստաշրջանի Գ. նիստը՝ ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ազգային երեսփոխաններու մեծամասնութեան եւ քաղաքական ժողովի կազմին։ Այնուհետեւ ժողովի ատենապետ Տիրան Ճինպաշեան շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանը արքութեան տիտղոսին արժանանալուն առիթով եւ նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդառաջելով Գաւառական ժողովի դիմումին՝ արքութեան տիտղոս շնորհած է սրբազանին։Ապա, ըստ ժողովի օրակարգին, քննարկուեցան եւ վաւերացուեցան երեսփոխանական Բ նիստի ատենագրութիւնը եւ Կրօնական ժողովի երկամեայ գործունէութեան ծրագիրը։
ՌԻՔՔԱՐՏՈՆԷ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ առջի օր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ քննարկուած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ֆրենսիս Ռիքքարտոնէի թեկնածութեան հարցը։
Երբ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզ փորձած է իմանալ ամերիկացի դիւանագէտի դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման առնչութեամբ, Ռիքքարտոնէ յայտարարած է,որ դիւանագէտները անձնական քաղաքականութիւն չունին, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ ինք պիտի շարունակէ պաշտպանել ամերիկեան վարչակազմի որդեդրած քաղաքականութիւնը։ Ռիքքարտոնէ պատասխանած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումին։ Շրջանային համարկումը Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւններէն է։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մերձեցումը պիտի ամրապնդէ կայունութիւնն ու բարեկամութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ (ըսած է ան) ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն յորդորել Թուրքիոյ վաւերացնելու՝ արձանագրութիւնները եւ պիտի աջակցին բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք ուղղուած են թուրքերու եւ հայերու միջեւ փոխըմբռնման կառուցման։
ԱՄՆի Ծերակոյտը կը Քննարկէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ Նոր Դեսպաններու Թեկնածութիւնները։
Յուլիսի սկիզբը ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա, Թուրքիոյ մէջ նոր դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրեց Ֆրանսիս Ռիքքարտոնէի թեկնածութիւնը, իսկ Ատրպէյճանի համար Մաթիու Պրայզայի։ Այսօր,յուլիս 22ին, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ կը քննարկուին թեկնածութիւնները եւ հաւանութեան արժանանալու պարագային, պիտի յղուին Ծերակոյտ՝ առ ի հաստատում թեկնածութիւններու ։







All the contents on this site are copyrighted ©.