2010-07-21 14:20:19

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
2011-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նիւթը` ''կրօնական ազատութիւնը, ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն''։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2011-ի համաշխարհային խաղաղութեան 44-րդ օրուան համար որպէս նիւթ ընտրեց ՝՝կրօնական ազատութիւնը՝՝։ Այժմէական այս նիւթը իրագործումն է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընդգծած խաղաղութեան ճանապարհին ։ 2006-էն սկսեալ Սրբազան Հայրը իր զանազան պատգամներով ու նաեւ գործունէութեամբը կ'աշխատի հարթել խաղաղութեան ճանապարհը մարդկութեան համար, խօսելով ճշմարտութեան, մարդու արժանաւորութեան ու մարդկային ազգին միութեան համար , պայքարելով՝ աղքատութեան դէմ եւ բնապահպանութեան ի խնդիր ։
Կրօնական ազատութեան մերժումը ներկայ է աշխարհի մէջ - Վատիկանի գնահատումին համաձայն- կրօնական ազատութիւնը աշխարհի վրայ ենթակայ է շատ մը սահմանափակումներու եւ կարգ մը վայրերու մէջ նոյնիսկ ընդունուած չէ, եւ այլ կրօններու հաւատացեալները ենթակայ են հալատանքի, հարստահարումի ու նոյնիսկ բռնութեան։ 2009-ին 37 քահանանաեր ճանչցան մարտիրոսութիւնը ։ Նշենք թէ 1968էն սկսեալ ՝՝խաղաղութեան համաշխարհային օրը՝՝ ամէն տարի յունուար մէկին կը յիշուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ։ 2010-ի պատգամը նուիրուած էր ՝՝բնութեան պաշտպանութեան՝՝ նիւթին ։

Քահանայապետական անուանումներ։
Կարտինալ Ճանպադիսթա Ռէ Քահանայապետական Յատուկ Նուիրակ Գլխաւորելու ՝՝Մոնդարելլա Տիրամօր՝՝ Սրբավայրի 15-րդ դարադարձի հանդիսութիւնները։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կարտինալ Ճանպադիսդա Ռէ-ն (կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին) նշանակեց իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու Հռոմի մօտ, Թիվոլիի մէջ գտնուող Մոնդարելլա Տիրամօր Սրբավայրի 15-րդ դարադարձի տօնակատարութիւնները, որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ օգոստոս 29ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.