2010-07-21 14:23:39

Խաժակ Արք Պարսամեան քահանայ ձեռնադրեց Բրշ Լեւոն-Հոճա Սրկ Էյնաթեանը։


Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք Պարսամեան քահանայ ձեռնադրեց Լեւոն-Հոճա Սրկ Էյնաթեանը Ուաշինկթընի Տի Սիի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

Յաւարտ ձեռնադրութեան՝ Սրբազան Հայրը օրուան պատշաճ քարոզը տուաւ, ուր ի մէջ այլոց ըսաւ. Յիսուս իր երեք աշակերտներուն հետ Թափոր լեռը բարձրացաւ եւ աղօթքի պահուն այլակերպուեցաւ այդ պահուն լուսաւոր ամպի մը մէջէն ձայն մը ըսաւ Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ ա՛նոր մտիկ ըրէք։ Յիսուսի ընկերացող երեք աշակերտները ականատես եղան Անոր այլակերպութեան, որ զիրենք եւս այլակերպեց եւ անոնք դարձան Քրիստոսի առաքելութեան բուռն հետեւորդները։ Այսօր, այս աղօթավայրին մէջ, ձեր բոլորին ներկայութեան, նման խորհրդաւոր այլակերպութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ձեռնադրութեամբ եւ Ս Հոգիի ներգործութեամբ Էյնաթեան Սարկաւագ նոր անձ մը դարձաւ։ Այսօր, ան դարձաւ այն անձը, որ Տէրը սահմանած էր։ Տէր Յովհան պատասխանելով Աստուծոյ կոչին քահանայ ձեռնադրուեցաւ՝ որպէս զի ընթանալով Տիրոջ նախագծած ճամբայէն ինքզինք նուիրէ իր եկեղեցւոյն եւ իր ժողովուրդին։
Ս Պատարագի աւարտին՝ նորընծայ Տէր Յովհան եկեղեցւոյ դասին մէջ ընդունեցաւ շնորհաւորութիւնները ներկայ հաւատացեալներուն, որոնք համբուրեցին Ս. Միւռոնով օծուած ձեռքը։

Տէր ՅՈՎՀԱՆ ՔՀՆՅ. ԷՅՆԱԹԵԱՆ
Ծնած է Երեւան 1967 թուականին, երաժշտութեան ճիւղին մէջ պսակաւորի եւ արուեստի մաիստրոսի աստիճաններ ստացած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն եւ Մոսկուայի Պետական Երաժշտանոցէն։ Մեծցած ըլլալով սովետական Հայաստանի մէջ՝ առիթը չէ ունեցած եկեղեցի յաճախելու եւ քրիստոնէական հաւատքի մասին ծանօթութիւննմեր ունենալու։ Իր մեծ ծնողներն են որ առաջին անգամ իրեն հատուածներ կարդացած են Ս Գիրքէն։ 1999 թուականին Ուաշինկըն Տի Սի հաստատուելէ ետք է որ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական կեանքին մէջ։ Եւ այս շրջանին է որ առաջին անգամ ըլլալով կոչումը զգացած է եկեղեցւոյ ծառայելու։ Ան նշանակուած է հովիւի օգնական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, ուր եղած է դպիր, Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչ, երգեհոնահար եւ կազմած է Նարեկ զանգակային նուաախումբը։ Ունի հեղինակութիւններ եւ պատրաստած է խտասալիկներ։Աստուածաբանութեան դասընթացքներու հետեւած է Ուաշինկթընի Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ։ Անցեալ տարի շրջանաւարտ եղած է Ս Ներսէս Ընծայարանէն։ Նորընծայ Տէր Հովհան իր քառասունքի շրջանը պիտի անցընէ Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.