2010-07-20 12:59:25

Կարտինալ Պանիասգոն Լըվով-ի Մէջ (Ուկրանիայ)։ 


Կարտինալ Պանիասգոն Լըվով-ի Մէջ (Ուկրանիայ)։
16 - 20 յուլիս 2010 Կարտինալ Անճէլօ Պանիասգոն, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը, Ուկրանիոյ Զարվանիդսեայի Տիրամօր Սրբավայրի տարեկան ուխտագնացութեան առթիւ կ՝այցելէ Սրբավայրը. ուխտագնացութիւնը ընհանրապէս տեղի կ'ունենայ յուլիս ամսուայ ընթացքին եւ որուն կը մասնակցին հազարաւոր Յոյն Կաթողիկէ հաւատացեալներ։
Սոյն ուխտագնացութիւնը տեղի կ'ունենայ Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետ Գիյիվ - Հալիցի Աւաք Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Լուպոմիր Հուսարի նախագահութեամբ, եւ թէ ներկայ 2010 տարուայ Պատուոյ Հիւրն է նոյնինքն Կարտինալ Պանիասքոն՝ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը եւ միաժամանակ Ճէնովայի Եպիսկոպոսապետը։
17 յուլիսին Լըվովի մէջ Կարտինալ Պանիասքոն գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը Տիրամօր Վերափոխման Լատիններու Աթորանիստ Եկեղեցիին մէջ, իր քով ունենալով Լըվովի Լատին Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Միէգզըզլաօ Մօգրզիշգի-ն եւ Արաքելական Դեսպան Իվան Եուգովիչ-ը։

Սպանիայ։ Երկուշաբթի 19 յուլիսին Սպանիոյ Սանդիակօ տէ Գամբոսդելլայի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի նուիրուած արձանի մը հանրութեան ներակայացումը կատարուեցաւ։ Սոյն արձանը յառաջիկայ նոյեմբերին Քահանայապետի Սանդիակօ ուխտագնացութեան առթիւ Նորին Սրբութեան իբր նուէր պիտի տրուի ։ Ձեռնարկը կ'ուզէ հանդիսանալ Կալիցիայ նահանգին երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան արըտայայտութիւնը հանդէպ Սրբազան Հօր։
Արուեստաագէտ Գանտիտօ Փազոսի պղնձեայ երկու մեթրնոց արձանագործութիւնը պիտի զետեղուի նոյն արուեստագէտի ''Եւրոպայի Դուր'' կոչուած ստեղծագործութեան մօտ։







All the contents on this site are copyrighted ©.