2010-07-20 13:01:52

Եկեղեցական Լուրեր


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ
Շաբաթ, 17 յուլիս 2010-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Լիբանանի նախկին նախագահներէն Ամին Ժեմայէլը:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերը եղան Լիբանանի ներկայ կացութիւնը՝ քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր:
Նախագահ Ժեմայէլ, վեհափառին հետ իր հանդիպման առիթով վերահաստատեց իր բարեկամութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ լիբանանահայութեան հետ։


Կալկաթայում (Հնդկաստան) գտնուող եւ պատմական հարուստ անցեալ ունեցող Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի Հայոց մարդասիրական ճեմարանն այս տարի եւս ունեցաւ իր բարի հունձքը։
Ճեմարանի կառավարիչ, հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ Խորէն աբեղայ Յովհաննիսեանը յաջողութիւն մաղթեց իր սաներին նոր ուսումնական հաստատութիւններում եւ յորդորեց նրանց՝` նմանուել այն սերմնահատիկին, որ ընկաւ պարարտ հողի մէջ եւ պտուղ տուեց։

ՏԻՄԱՆԻ ՄԷՋ ՍՖԷՅՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԻՔԻԱՆ Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Կապրիէլ Քիքիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող շարք մը հարցեր։
Հանդիպումէն ետք Քիքիա յայտնեց, որ Սֆէյր պատրիարքին կատարած իր այցելութիւնը կ՚իյնայ Լիբանանի հոգեւոր պետերուն կատարած տարեկան աւանդական այցելութեանց շրջագիծին մէջ։
Քիքիա յայտնեց, որ ինք Սֆէյր պատրիարքէն իմացած է շրջանին ու Լիբանանի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութեան մասին իր կեցուածքները։ ,Եւրոպայի մէջ մեզի համար կարեւորը յատկապէս տարբեր համայնքներու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնն էե, շեշտեց Քիքիա։
Քիքիա ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները կարեւոր դերակատարութիւն ունին՝ աւելցնելով, որ քրիստոնէական ինքնութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է խոր երկխօսութեան եւ այլոց նկատմամբ բացուելու յատկութիւններով։
Քիքիա շեշտեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանի եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան. ան դիտել տուաւ, որ իր երկիրը քաղաքական իր յարաբերութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու իմաստով կը նպաստէ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանման։







All the contents on this site are copyrighted ©.