2010-07-20 12:57:32

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ։
ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Ազրպէյճանի Միլլի մեճլիսի (խորհրդարան) նախագահ Օքթայ Ասատովի հանդիպումը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի աղբիւրները news.am լրատուական կայքէջին տեղեկացուցած են, որ խորհրդարանի նախագահներու համաշխարհային 3-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ այս հանդիպումը տեղի ունեցած է ազրպէյճանական կողմին խնդրանքով։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՓԻՒՆԻԿ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է մարդկային պաշարներու ՝՝Փիւնիկ՝՝ հիմնադրամի պատուիրակութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է կրթութեան, մշակոյթի, ընկերային ապահովութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ օգտակար դառնալու հիմնադրամի առաքելութիւնը։ Ըստ նախագահին, նման հաստատութիւններ աւելի դիւրին կրնան ճամբայ գտնել դէպի մարդոց սրտերը, եւ այդ առումով, անոնք կարեւոր եւ արդիական դերակատարութիւն ունին։
՝՝Փիւնիկ՝՝ հիմնադրամը իր գործունէութեան շուրջ մէկ տարուան ընթացքին բարեգործական բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ՝ սերտօրէն համագործակցելով Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ։ Նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին՝՝Փիւնիկ՝՝ հիմնադրամը Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրած է հիմնադրամին կողմէ ձեռք բերուած Յովհաննէս Այվազովսքիի կտաւներէն մէկը։
ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ՀԵՏ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 17-18 յուլիսին պաշտօնական այցելութեամբ Իրան կը գտնուէր։
Այցելութեան ընթացքին Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի, պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու աջակցման նախարար զօրավար Ահմետ Վահիտիի, Ազգային անվտանգութեան երագոյն խորհուրդի քարտուղար Սայիտ Ժալիլիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիի հետ։ 18 յուլիսին Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ընդունած է Սէյրան Օհանեանը, որ անոր փոխանցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Երկու կողմերը ընդգծած են հայ-իրանական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները եւ ընդգծած են անոնց զարգացման լայն կարելիութիւնները։
՝՝Աղէտ՝՝ ժապաւէնը կը ցուցադրուի Քափիթոլ Հիլի մէջ ։
Ամերիկացի Գոնկրէսական Ատամ Շիֆի կողմէ Քափիթոլ Հիլի մէջ, Չորեքշաբթի 21 Յուլիսին, տեղի կունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Գերմանացի բեմադրիչ Էրիք Ֆրիտլէրի ՝՝Աղէտ՝՝ վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։ Գերմանական NDR պետական հեռատեսիլին կողմէ առաջին անգամ ցուցադրուած ՝՝Աղէտը՝՝ պատմական ճշմարտութիւներ բացայայտող ցնցիչ վաւերագրական մըն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.