2010-07-18 08:55:14

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։ 


Հայ Գթութեան Խաչի Խալքիտիքիի ամարանոցը կը բանայ իր դռները
Ուրբաթ 16 յուլիսին, իր հիւրընկալ դռները կը բանայ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Խալքիտիքիի ամարանոցը:

Բանակող պատանիներն ու երիտասարդները արդէն սկսած են համախմբուիլ բանակավայրէն ներս, ուր իրենց կը դիմաւորեն Հ. Գթ. Խաչի ընկերուհիները: Այս տարի նախատեսուած է մօտաւորապէս 120 հոգիի մասնակցութիւնը, որոնց մէջ ներառնուած են 12 երիտասարդներ՝ Երեւանի քաղաքապետարանի պարի-երգի մշակոյթի միութեան անդամներ:

Խալքիտիքիի ամարանոցէն ներս իրենց կեցութեան երեք շաբթուան ընթացքին, բանակող պատանիներն ու երիտասարդները առիթը պիտի ունենան զուարճութեան պահեր անցընելու, հայկական մթնորտի մէջ, երգի ու պարի ուսուցումով, դաստիարակութեան, ձեռային աշխատանքներով, ծովու լոգանքներով եւ խաղերու անվերջ պահերով: Խալքիտիքիի ամարանոցը, որ այս տարի կը տօնէ իր 20-ամեակը, ազգապահպանման ու հայապահպանման Սփիւռքի մեր կարեւոր կառոյցներէն է, ուր ամէն տարի տարբեր երկիրներէ հայորդիներ, յունահայ պատանիներու ու երիտասարդներու կողքին, կը համախմբուին եւ կը ,համտեսենե Հայ Գթութեան Խաչի պարգեւած գուրգուրոտ, հայկական մթնոլորտը: Խալքիտիքիի ամարանոցը հանդիպման կամուրջ է՝ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար:

Ազգային այս կառոյցը պահելու նուիրական աշխատանքը սէր, ոգի եւ զոհաբերութիւն կը պահանջէ բոլորին կողմէ:

Ամպերին Զաման Անգարային խորհուրդ կուտայ . Հրաւիրել Գարեգին II–ը՝ Սուրբ Խաչի Պատարագին և անոր առջև բանալ սահմանը։
Յայտնի թուրք վերլուծաբան, ,Էքոնոմիստե և թրքական ,Հապերթիւրքե պարբերականներու յոդուածագիր Ամպերին Զամանը, որը, ի դէպ, Հայաստանի ԱՄՆ փոխդեսպան Ջոզեֆ Փենինկթոնի կինն է(միաժամանակ հայրը հնդիկ իսկ մայրը թրքուհի մըն է) , առջի օրուայ իր հերթական յօդուածաշարը նուիրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին :
,Հայաստանի հետ մոռացուած յարաբերութիւններե խորագրով յօդուածաշարին մէջ Ամպերին Զաման կը քննէ հայ-թրքական յարաբերութիւններէ ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումները և Հայաստանի հետ մերձեցման գործընթացը վերջնական սառեցումէն փրկելու համար թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՝ընէ ՝՝ձեռնարկել որոշ քայլեր՝՝: Ամպերին Զաման-ը, վերահաստատելով իր այն տեսակէտը, որ Անգարայի որդեգրած գործելաոճի հետևանքով խոչնդոտած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացքը , ու կեանքի չեն կոչուած՝ Ցիւրիխեան Արձանագրութիւնները (կը գրէ լրագրողուհին) ։
,Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շաղկապեց ղարաբաղեան նախապայմանը, տեղի տալով Ադրբեջանի ճնշումներուն։ Իսկ սպասել, թէ Հայաստանը յանուն Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններու, միակողմանի զիջումներու պիտի ընդառաջէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի հարցով, նոյնն է սպասել որ՝ Թուրքիան յանուն ԵՄ անդամակցութեան միակողմանի զիջումներ կատարէ Կիպրոսի հարցով (ինչպէս, օրինակ, Մարաշի յանձնումը,ապա Կիպրոս կղզիի թուրք զինուորներու թիւի նուազեցումը ), ինչ որ ՝՝ իրական չէե կը գրէ թուրք վերլուծաբանը Ամպերին Զաման։



''ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻԱԿ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՈՒԺԵՂՈՒԹԻՒՆՆ Է, ԲԱՐԻ ՈՒ ԱԶՆԻՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԴԱՌՆԱԼՆ Է'' ԸՍԱՒ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Երէկ՝ ուրբաթ, 16 յուլիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն 9:00 նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, իւրայատուկ հանդիպում մը կայացաւ լիբանանահայ մտաւորականութեան ընտրանիին եւ հայրենի անկախ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի միջեւ, անոր ,Արցախեան օրագիր, կանաչ ու սեւ, կամ՝ ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ պատերազմե խորագրեալ գիրքի արեւմտահայերէն եւ անգլերէն հրատարակութիւններուն առիթով՝ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան:
Զրոյցի բնոյթ ունեցող սոյն հանդիպման բացման խօսքը կատարեց ,Ազդակե օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան՝ անդրադառնալով ներկայացուած հատորի այժմէական նկարագիրին:
Թաթուլ Յակոբեան իր խօսքը սկսաւ երախտիքի արտայայտութիւններով՝ ուղղուած այն բոլոր անձերուն, որոնք զօրավիգ կանգնած էին ե՛ւ առաջին հրատարակութեան, ե՛ւ մանաւանդ այս երկրորդ՝ արեւմտահայերէն եւ անգլերէն զոյգ հատորներու լոյս ընծայման: Ապա, ներածական կատարելով հատորի բովանդակութեան, նշեց, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին օրը օրին արձանագրուած օրագիրը, անաչառ ու իրապաշտ մօտեցում է արցախեան թղթածրարին: Յակոբեան իր այս մօտեցումը հիմնաւորեց մանաւանդ անկախ լրագրողի իր հանգամանքով՝ յիշելով նաեւ դիւանագիտական նկատումներէ զերծ մնացած ըլլալու անձնական մօտեցումը:
Թ. Յակոբեանի իսկ փափաքով, ներկաները զրոյցի ձեւին տակ հարց-պատասխանի առիթ ունեցան: Արծարծուեցան գլխաւորաբար արցախեան հարցի լուծման վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուող հարցեր:
Հարցումներու առաջին բաժինով Թ. Յակոբեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Մատրիտեան հին թէ նոր սկզբունքներուն եւ անոնցմէ բխած առաջադրանքներուն ու անպատեհութիւններուն մասին: Կողմերու միջեւ անվստահութիւնը՝ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին վրայ, Յակոբեան նկատեց փոխադարձ անվստահութեան գերագոյն նշան:
Արցախեան հարցի ոչ խաղաղ պայմաններով լուծման մասին իր մտահոգութիւնները յայտնելով՝ հաւանական պատերազմի հաւանականութիւնը հեռացնելու հայկական կողմէն կատարուած ամէն փորձ իմաստուն մարտավարութիւն նկատեց Յակոբեան: Անցնող խաղաղ տարիներուն ընթացքին կողմերուն զինումը նկատի ունենալով հանդերձ, ան թելադրեց թշնամին յիմարի տեղ դնելու մօտեցումէն հրաժարիլ:
Իսկ շրջանին մէջ ռուսական գործօնին դերակատարութիւնը գնահատելու առումով Յակոբեան ըսաւ, թէ այսօր Հայաստանը այնքան ալ կարեւոր շրջան չէ անոր համար: ,Հայաստանի միակ բարեկամը իր ներքին ուժեղականութիւնն է, բարի ու ազնիւ պետութիւն դառնալն էե, հաստատեց ան:
Իր այս կէտով, Թ. Յակոբեան անցաւ հարցումներու երկրորդ բաժինին, որ կը վերաբերէր Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան: Ան նշեց, որ Հայաստանը պէտք է սփիւռքը ընդունի իբրեւ իր գործընկերը
Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, Յակոբեան նշեց, որ սփիւռքը պէտք է իր օրակարգը ընդլայնէ: Անիկա միայն դրամ հայթայթողի տպաւորութիւն պէտք չէ ձգէ հայաստանցիներուն վրայ, այլեւ՝ գործընկերոջ:
Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառը նախ եւ առաջ գնահատեց հեղինակը, յատկապէս իր անաչառ ու անկողմնակալ մօտեցումներուն համար: Գիրքը ակադեմական հրատարակութեան վերածելու ու օտար շրջանակներու սեփականութիւնը դարձնելու նշումներ կատարելէ ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտը դրաւ մեր ազգային միասնականութեան վրայ: ,Գործակցութիւնն է մեր միակ ճամբան: Մենք՝ իբրեւ ժողովուրդ, բարեկամներ չունինք: Մենք ենք մեր բարեկամը. Հայաստանը սփիւռքին բարեկամն է, սփիւռքը Հայաստանին, Հայաստանը՝ Արցախին, Արցախը՝ սփիւռքին: Եթէ իբրեւ ժողովուրդ բարեկամ չունինք, սակայն իբրեւ ազգ՝ հաւաքաբար ապրելու գիտակցութիւն ունինք: Այս գործակցութեան պակասը զգալի է այսօր մեր կեանքին մէջ: Մէկ ամբողջութեան գաղափարով պիտի առաջնորդուինք արժանաւորապէս մասնակից դառնալու համար հայրենաշինութեան ու ազգաշինութեան նուիրական գործինե, ըսաւ վեհափառը:
Յայտնենք, թէ հանդիպման ընթացքին գեղարուեստական ընդմիջումներով հանդէս եկան դպրեվանքի ուսանողները ասմունքախառն երգերով՝ ղեկավարութեամբ Թորգոմ աբղյ. Տօնոյեանի:







All the contents on this site are copyrighted ©.