2010-07-17 12:19:14

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։


 ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։
Թուրքիոյ Մէջ Կը Դատուին Ոչ Թէ Յանցագործները, Այլ՝ Զանոնք Մեղադրողները» Կ՜ըսէ Ռաքել Տինք.
Պոլսոյ «Ակօս»շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատավարութեան մասին գրած լրագրողներէն մէկը, իր յօդուածին մէջ բաժնեկցած է սպաննուած խմբագիրի մտերիմներուն եւ փաստաբաններուն այն մտահոգութիւնը, թէ՝ ՝՝արդարութիւնը պիտի չվերականգնուի՝՝:
Թուրք յայտնի լրագրողը Ճենկիզ Չանտար, որ դատավարութեան նիստին մասնակցած եւ իր տպաւորութիւնները գրի առած էր, Փետրուար 9 թուակիր «Ռեֆերանս» թերթին մէջ՝ «Հրանդի եւ արդարութեան հետ խաղի ելած են» խորագիրով, 1 տարիէն 3 տարի բանտարկութեան պահանջով դատի տրուեցաւ։ Չանտար իր յօդուածին մէջ ոչ-լուրջ որակած էր դատավարութեան նիստերու ընթացքին հարցաքննութիւններու գնացքը։ Այս յօդուածէն ետք, պետութեան պաշտօնատարը անարգած ըլլալու մեղադրանքով, Պաքըրգիւղի դատախազութեան կողմէ դատ բացուած էր լրագրողին դէմ։ Չանտար դատավարութեան ընթացքին յայտնած էր, որ իր յօդուածին մէջ անարգական որեւէ բան չկար, այլ կային անձնական մտահոգութիւններ։
Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, առջի օր հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց այս կապակցութեամբ. «Թուրքիոյ մէջ կը դատուին ոչ թէ յանցագործները, այլ անոնց մեղադրողները», աւելցնելով, թէ Ճենկիզ Չանտարի դէմ դատը դարձեալ ցոյց կու տայ Թուրքիոյ արդարադատութեան մակարդակը: Դատավարութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 25ին:







All the contents on this site are copyrighted ©.