2010-07-17 12:15:05

Լուրեր Քրիստոնեայ աշխարհէն 


Կիպրոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ Վարուժան Արք Հերկելեանի այցելութիւնը Զմմառու հայ կաթողիկէ մայրավանքին։
Ուրբաթ, 16 Յուլիս 2010 յետմիջօրէին ժամը 400-ին Զմմառու Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ Վարուժան Արք Հերկելեան, ուղեկցութեամբ Արծիւ թերթի խմբագրակազմի անդամ եւ Հայերէն լեզուի ուսուցչուհիս՝ Օրի Նուէր Շիրանեանի։
4 Յունիս 2010-ին երբ Ամեն եւ Գերջ Հոգեւոր Տիրոջ հետ Կիպրոս կը գտնուէի, Գերշ Սրբազան Հայրը իմացաւ որ Զմմառու մէջ կը լուսանկարենք մեր 1500 Հայկական ձեռագիրները ու դիւանը,Ան խնդրեց որ նաեւ լուսանկարենք կիպրոսի Առաջնորդարանի պատկանող երեք թանկարժէգ գիրքերու մէջ գտնուող նամակները - Արխիւներ, որոնք կը պարունակեն ամբողջ կիպրահայոց պատմութիւնը 1896-1908,1908-1911,1922-1927Սոյն երեք գիրքեր-Արխիւները լուսանկարեցինք էջ առ էջ ու տպեցինք խտասալիկներու CDներու վրայ, փրկելու համար բճացումի կորուստէն։
Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ ստացաւ գիրգեր-Արխիւները ու անոնց խտասալիկները։
Այցի աւարտին պատուարժան հիւրերը այցելեցին Մայրավանքիս Թանգարանը, Մատենադարանը,Դիւանատունը, Ձեռագրատունը եւ գինեմառանը։
Գերշ Սրբազան Հայրը գնահատանգի խօսքեր արտասանեց ի տես տարուած բծախնդիր աշխատանքերուն, յատկապէս Մատենադարանէն ներս։


Աշխարհի մէջ ամէնահին Աւետարանը՝
Եթովպիոյ մէջ
ԼՈՆՏՈՆ.- Եթովպական հեռաւոր վանքի մը մէջ տեղակայուած անգլիական բարեգործական «Ethiopian heritage fund» (Եթովպական ժառանգութեան հիմնադրամ) կազմակերպութիւնը կարողացած է պահպանել աշխարհի մէջ ամէնահին նկարազարդ քրիստոնէական գիրքը: Այդ գիրքը՝ վանական Հարիմայի անուամբ կոչուած Աւետարանն է, ինչպէս կը հաղորդէ «Daily telegraph»-ը: Աււա Հարիման Պոլիսէն Եթովպիա մեկնած էր՝ 494 թուականին: Ըստ առասպելի՝ ան կարողացած է Աւետարանը մէկ օրուան մէջ գրի առնել, քանի որ Աստուած չի թողած արեւը մայր մտնել, մինչեւ որ վանականը աւարտէ իր աշխատանքը:

Հինգերորդ դարու մնացուկային գիրքը պահպանուած է Ադուա քաղաքի մօտ գտնուող Հարիմայի վանքէն ներս, որ երկրի հիւսիսը կը գտնուի: Փորձագէտները նկատել կուտան, թէ Հարիմայի Աւետարանը կազմ ունեցող ամէնէն հին գիրքն է, ուր պահպանուած են իւրօրինակ էջերը: Գիտնականները անհաւանական իրադարձութիւն կը նկատեն, գիրքը մինչեւ մեր օրերը պահպանած ըլլալու հանգամանքը, մանաւանդ քանի որ Եթովպիան ենթարկուած էր մահմետականներու եւ իտալացիներու ներխուժման, իսկ 30-ական թուականներուն վանական եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.