2010-07-17 12:11:53

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ Ը Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԻՐԱՆ։
Իրանի պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու աջակցութեան նախարարին հրաւէրով այսօր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երկօրեայ այցելութեամբ Իրան պիտի մեկնի։ Այցելութեան ընթացքին նախարար Օհանեան բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի իր գործընկերոջ հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Իրանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին շրջանային, միջազգային եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալ Սելեսթ Վոլանտերը՝ ընդգծելով, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ համագործակցութեան դաշտի ընդարձակման հարցերով։ Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին՝ միջազգային խաղաղապահ ուժերու ծաւալած առաքելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի բերած մասնակցութեան համար։ Ան ընդգծած է, որ այս մէկը ոչ միայն մեծ ներդրում է միջազգային հանրութեան կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, այլ նաեւ կը նպաստէ Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան աճին։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածքային անվտանգութեան խնդիրներ, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր։ Սելեսթ Վոլանտեր ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ արդէն տարբեր մակարդակներու վրայ իրենց կեցուածքը դրսեւորած են զինուորական միջոցներու դիմելէ հեռու մնալու առնչութեամբ եւ վստահ են, որ Ղարաբաղեան տագնապը խաղաղ լուծումէն բացի այլընտրանք չունի։
 ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԺԸՆԵՒ ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան 19-21 յուլիսին Ժընեւի մէջ պիտի մասնակցի խորհրդարաններու նախագահներու համաշխարհային երրորդ համագումարին։ 21 յուլիսին ան իր խօսքը պիտի արտասանէ։ Ասոր զուահեռ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ։

ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ 7-րդ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ։
Քլաուտիա Քարտինալէն պարգեւատրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետի ոսկէ մետալով։
՝՝Մոսկուա՝՝ կինոթատրոնին մէջ հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ Լուքինօ Վիսքոնդիի ՝՝Ընձառիւծը՝՝ հոյակապ ֆիլմը, որը իւրատեսակ յարգանքի տուրք էր իտալացի աշխարհածանօթ դերասանուհի Քլաուտիա Քարտինալէին։ Ֆիլմի ցուցադրման ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը, մշակութային, հասարական գործիչներ եւ ուրիշներ։ Գ. Բեգլարեանը Ք. Քարտինալէին պարգեւատրեց քաղաքապետի ոսկէ մետալով՝ համաշխարհային կինոարուեստի մէջ ունեցած մեծ վաստակի,եւ հայ կնոջ կերպարը մարմնաւորելուն համար Հանրի Վէրնէօյի ՄԱՅՐԻԿ ֆիլմին մէջ։Մրցանակի արժանացաւ նաեւ հայ խոշորագոյն կինոգէտ Ալէն Թերզեանը։ Ինչպէս նշեց Գ. Բեգլարեանը, Ք. Քարտինալէի ֆիլմերով իւրաքանչիւր հայ ապրած է, սիրած եւ սիրահարուած։ Երեւանը ջերմ քաղաք է եւ այդ է պատճառը, որ Քլաուտիա Քարտինալէն արդէն համաձայնած է մասնակցիլ միւս տարի կայանալիք Ոսկէ Ծիրան փառատօնին՝ ժիւրիի կարգավիճակով( ըսաւ ան)։
Հայ մեծանուն բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը Ք. Քարտինալէն փառատօնի անունով պարգեւատրեց ՝՝Փարաջանովեան թալեր՝՝ով։ Ինչպէս Փարաջանով տեղ կը գրաւէ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, այնպէս ալ Քլաուտիան՝ միշտ ներկայութիւն է (ըսաւ Էկոյան իր խօսքին մէջ) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.