2010-07-16 12:42:21

Շարլ Ազնաւորուի Համերգը Վենետիկի Մէջ։


Շարլ Ազնաւորուի Համերգը Վենետիկի Մէջ։

Այսօր 16 Յուլիս Վենետիկի կեդրոնական հանրայայտ Սուրբ Մարկոս հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ընկերակցութեամբ Վենետիկի Լա ֆէնիչէ թատրոնի լարային երաժշտախումբի ընկերակցութեամբ Շարլ Ազնաւուրի երգահանդէսը,որու ընթացքին արուեստագէտը պիտի մեկնաբանէ իր հռչակաւոր երգերը,զուգերգելով միաժամանակ նախ աղջիկը Քաթիա-ի ու ապա իտալացի յայտնի երգահան -երգիչ ֆրանքօ Պաթթիաթօ-ի,ինչպէս նաեւ իտալացի սիրուած երգիչ Մասսիմօ Ռանիէրիի ու երգչուհի Բաթթի Բրավոյի հետ։ Ազնաւուր այս երգահանդէսի առիթով տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին յիշած է իր սերտ կապը Վենետիկ քաղաքին հետ,որ ինչպէս ծանօթ է նուիրած է իր հռչակաւոր երգերէն մին Իտալիոյ այս հոյակապ քաղաքին, այն է ՝՝Գօմէ Է Թրիսթէ Վէնէզիա ։ Ազնաւուր իրեն համար յատկանշական երկրորդ քաղաք ըլլալով Երուսաղէմը յիշած է,ըսելով որ ՝՝ այս երկու քաղաքները Վենտիկը եւ Երուսաղէմը անձնական պատճառներով զիս կ՝առինքնեն ՝՝։ Կոչումով երգիչ,Ազնաւուր կը դառնայ յորինող շնորհիւ ՝՝այն մթնոլորտին որ կը շնչէ Եւրոպայի մէջ։Երբ երիտասարդ էի(կ՝ըսէ) ինծի օգնեց որ յօրինեմ երգեր Եւրոպայի մթնոլորտը, եթէ ծնողքս գաղթելով Հայաստանէն ուղղակի Ամերիկայ երթային,թերեւս պիտի երգէի բայց պիտի չյօրինէի։







All the contents on this site are copyrighted ©.