2010-07-15 13:52:30

Քահանայապետական Անուանում.


Քահանայապետական Անուանում.
14 յուլիս 2010ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրաբազան Քահանայապետը ընդունելով Պրազիլի Ամբարոյ Թեմի Գերապայծառ ֆրանչիսգօ Խօսէ Ծուլիանիի տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը(ըստ Լատին եկեղեցւոյ կանօնագրի 401-րդ յօդուածի նախատեսութեան) , անոր տեղ անուանեց Հայր Փետրօ Գարլոս Չիբոլլինին
որ մինչեւ օրս եղած էր Եպիսկոպոսի Տեղակալ եւ ժողովրդապետ ''Նոսսա Սէնեորա տօ Գարմօ'' Տաճարին ։

Նորին Սրբութիւնը Միացեալ Նահանգներու Ասորի-մալանքար հաւատացեալներու նոր առաջնորդութիւն մը հաստատեց, նշանակելով որպէս առաջին առաքելական առաջնորդ Հայր Թոմաս Նայգամբարամբիլ-ը Լարէսի Եպիսկոպոսի Տիտղոսով։ Նոր առաջնորդը նշանակուած է նաեւ Գանատայի եւ Եւրոպայի Ասորի-մալանքար հաւատացեալներու այցելու վիճակաւոր ։ Ասորի-մալանքար հաւատացեալներու նոր Առաջնորդութիւնը ունի 16 եկեղեցիներ եւ 15 քահանաներ. Կան իգական միաբանութիւններ՝ 35 մայրապետներով ։ Կը նախատեսուի այլ վանքերու բացումը ։ Առաջնորդարանի Աթոռը հաստատուած է Նիւ Եորք եւ ունի շուրջ 10,000 հաւատացեալներ։

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ 
Կարտինալ Վալդեր Գաափէր Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի երբեմնի Նախագահը չորեքշաբթի 14 յուլիսին '' Կարտինալ Պէա-ի անուան նուիրուած ''Հրեայ եւ Քրիստոնեայ միջ-յարաբերութեանց'' մրցանակին արժանացաւ Սիոնի Տիրամօր Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։

12- 18 յուլիս 2010 Թայլանտիայի Պանգոկ քաղաքի Սամբրան ''Պաան ֆու Ուան Բաստորալ Սէնդեր'' ի մէջ տեղի կ'ունենայ հանդիպում մը, կազմակերպուած Քահանայապետական Միջ-եկեղեցական Երկխօսութեան Խորհուրդի կողմէ։ Ժողովին կը մասնկացին սոյն խորհուրդի անդամները եւ ուրիշ 30 եպիսկոպոսներ ու քահանաներ։ Ժողովը իբր գլխաւոր նիւթ ունի ՝՝Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ այլ կրօններու հետեւորդներու յարաբերութիւնները եւ իրենց միջեւ երկխօսութեան զարգացումը՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.