2010-07-15 13:09:38

ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ


 ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ
Սինկափուրէն նամակներ եւ լուսանկարներ կը հասնին Լիբանանի «Ազդակ»թերթի խմբագրատունը... Կազմակերպուած են ձեռնարկներ, կազմուած է երգի, նուագի ու ասմունքի համոյթ մը, որ արդէն առաջին ելոյթը ունեցած է, գաղութը տարբեր առիթներով կը համախմբուի, եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարէ՝ հակառակ քահանայի չգոյութեան, տարբեր նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն կը փորձէ պահպանել հայոց լեզուն, հայկական աւանդութիւնները եւ մշակոյթը։
Արդարեւ, նախորդ տարուան հոկտեմբերին իր առաջին ելոյթով հանդէս եկած «Տի արմինիըն հերիթէյճ անսամպլ»ը, որուն մաս կը կազմեն Շաքէ Յովակիմեան (ասմունք), Գայեանէ Վարդանեան (սոփրանօ), Անի Իւմետեան (ջութակ), Նայիրի Մխիթարեան (դաշնակ), իսկ հիւրաբար անոնց կ՚ընկերակցին Չինար Չոմոյեւա (ջութակ), Էմիլ Տիմով (սրինգ), այս տարուան ապրիլ 24-ի ոգեկոչումի ձեռնարկին ունեցած է իր իւրայատուկ տեղն ու դերը։ Այդ օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած էին աւելի քան 100 հայեր եւ օտարներ, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։ Գեղարուեստական բաժինէն առաջ բոլոր ներկաները «Հայր մեր» արտասանեցին, ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն տիրեց՝ իբրեւ աղօթք, իբրեւ պատարագ եւ յարգանք՝ հայութեան անմոռաց զոհերուն։
Ապա «Տի արմինիըն հերիթէյճ անսամպլ»ը ներկայացուց հայ թէ միջազգային մեծանուն բանաստեղծներու եւ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս՝ Պ. Սեւակ, Կոմիտաս, Պախ, Քրիսլըր, Վերտի, Է. Պաղտասարեան, Չայքովսքի եւ այլն։
Յիշատակի ու յարգանքի երեկոն խոր տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ։
Շրջանի հայութիւնը նոյն կառոյցին պարտէզին մէջ համախմբուեցաւ նաեւ Ս. Զատկուան առիթով։ Շաքէ Մխճեան-Յովակիմեան «Ազդակ»ին յղած իր գրութեան մէջ կը նշէ, թէ 40 հոգիէ բաղկացած գաղութը քահանայ չունի, այդ պատճառով ալ Ս. պատարագ կարելի չեղաւ մատուցել։ «Սակայն յետմիջօրէին համախմբուած հայերուն մէջ յայտնուեցաւ քանատահայ երիտասարդ ուսանող մը՝ Սարօ Խաչատուրեան, որ յայտնեց, թէ ինք երկար ատեն դպրաց դասի անդամ եղած է եւ գիտէ թէ՛ Կոմիտասեան, եւ թէ՛ Եկմալեան պատարագները։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց այս պահուն մտնել եկեղեցի եւ երգել «Տէր ողորմեա»։ Միտքս կարդաց կարծես, ես ալ այդ պահուն կը մտածէի «Հայր մեր»ը երգել», կը գրէ ան։
«Այս վայրկեանին բոլորս երկիւղածութեամբ մտանք եկեղեցի, որ իր վեհ խորանով կարծես մեզի կը սպասէր։ «Հայր մեր»ը, «Տէր ողորմեա»ն, «Սուրբ, սուրբ»ը եւ դեռ տարբեր հոգեւոր շարականներ հեզասահ յաջորդականութեամբ ծաւալեցան եկեղեցւոյ գորովագութ տարածքին մէջ եւ անցան պատերէն անդին, դարձան պատարագ, դարձան աղօթք...։ Հանգստացանք սրտերով եւ պայծառ ճակատներով վերադարձանք պարտէզ, բոլորուեցանք մեծ սեղանին շուրջ՝ իբրեւ պապենական մեծ ընտանիք։ Ըստ հայկական աւանդութեան, սեղանը լեցուն էր հայ կնոջ ոսկի մատներէն ծորած օրհնութեամբ պատրաստուած հայկական համադամ ճաշերով, կարկանդակներով, քաղցրաւենիներով։ Ինչպէ՛ս չգնահատել հայու արժանիքները, ինչպէ՛ս չհաւատալ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան», կը գրէ Շ. Յովակիմեան։
Նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ հրամցուած են երգեր, նուագներ. «հոյլ մը հայ արուեստագէտներու հայութեամբ բաբախող սիրտն ու բարձրորակ արուեստը պանծացուցին հայ երգն ու բառը՝ միջազգային երաժշտութեան հետ, արժանանալով հայ թէ օտար հանդիսականներու հիացումին ու ծափողջոյններուն»։
Հայկական եկեղեցին «փոքր Հայաստանի վերածուեցաւ» շնորհիւ երկու ազնիւ հայորդիներու՝ Փիեռ Հեննեսի եւ Կրեկ Պասմաճեանի, նաեւ օժանդակութեամբ՝ Ալեք Փեմպէեան ամոլին եւ Գէորգ Սարգսեանի։
Այս նախաձեռնութիւններէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ բարենորոգութեան։
Նշենք, որ Սինկափուրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին 26 մարտ 2011-ին պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 175-ամեակը։ Անիկա Սինկափուրի ամէնէն հին ու առաջին քրիստոնեայ եկեղեցին է, հիմնուած է 1835-ին եւ կը նկատուի պատմական կոթող մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.