2010-07-15 13:55:00

Լուրեր Քրիստոնեայ աշխարհէն 


Լուրեր Քրիստոնեայ աշխարհէն
 
Լիբանանու Տաուրա գիւղի Իսլամները դրամահաւաք կազմակերպած են Քրիսստոնեայ Եկեղեցիի մը շինութեան ի նպաստ։
 
Լիբանան։ Լիբանանու Տաուրա գիւղի Իսլամները դրամահաւաք մը կազմակերպած են Քրիսստոնեայ եկեղեցիի մը շինութեան ի նպաստ, որ պիտի կրէ Սուրբ Աստուածածնայ անունը։ Այս ձեռնարկը կը յայտնաբերէ գիւղի բնակիչներու բարի նպատակը քրիստոնեաներու եւ իսլամական աշխարհի միջեւ կապերը վերահաստատտելու։ Ձեռնարկը յղացողը` Պէյրութի ''Իմամ Ուզայ'' կրօնքի, վարդապետական եւ իսլամական գիտութեանց Փրոֆեսոր Ասսատ Սամհարաուին է որ յայտարարած է ''մեր գիւղին մէջ կան երեք մզկիթներ եւ ոչ մի քրիստոնեայ եկեղեցի, ասիկա անսուոր կացութիւն մըն է։ Մահմէտականութիւնը ճանչցուած է իր ՝՝ողորմութեամբը՝՝ իսկ քրիստոնէութիւնը ՝՝սիրոյ՝՝ կրօնքն է։ Ողորմութիւն եւ Սէր նուիրման նշանակութիւն ունին եւ այս գաղաբարի վրայ հիմնուած է ահա մեր ձեռնարկը։
Եկեղեցին պիտի կարուցուի ԺԴ դարու եկեղեցւոյ աւերակներու վրայ։ Շինութեան ֆինանսաւորումը պիտի հոգան գիւղի իսլամ բնակիչները ունենալով՝ ''պահպանելու գիւղին արուեստական ժառանգութիւնը եւ տարբեր համայնքներու պատկանող բնակիչներու ինքնութիւնը'' կէտ նպատակը ։
Առաջին Քարը զետեղուեցաւ Տաուրայի Մզկիթին մէկ սրահին մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնական իշխանութիւններու, որոնց շարքին Ագգարի Յոյն Օրթոտոքս եպիսկոպոս Պազիլիոս Մանսուր Մեդրոպոլիթը եւ Դրիփոլիի Մարոնիներու եպիսկոպոս Գերապայծար Ժորժ Պու Ժաուտէի ներկայացուցիչ Գերապայծառ Պուդրոս Ժապպուր, ինչպէս նաեւ Ալի Սահմարանի Շէյխը եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։


Եւրոպայի Աստուածաբանական Համալսարաններու Երրորդ Միջազգային Ժողովը Աւստրիոյ մէջ։  
Յուլիսի 7էն-10ը Աւստրիոյ Կրազ քաղաքի Գարլ-Ֆրանզենս Կաթողիկէ Աստուածաբանական համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Աստուածաբանական համալսարաններու երրորդ միջազգային ժողովը` «Ակադեմ ական Աստուածաբանութիւնը Եւրոպայի մէջ. վտանգի մէջ, թէ` պահանջարկ ունեցող» թեմայով: Ժողովը կազմակերպած էր Եկեղեցիներու Եւրոպական Խորհուրդը
Ժողովի ընթացքին, որուն մասնակցած էին Եւրոպայի 22 երկիրներէ տարբեր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հիմնական շեշտադրութիւնը դրուեցաւ համաշխարհային գիտական մտքի զարգացման գործընթացին աստուածաբանութեան ունեցած անուրանալի դերակատարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կրօնական գետնի վրայ գիտութեան բերած աստուածաբանական մեծ նպաստին յառաջացած հակամարտութիւններու հարթման ի խնդիր եւ միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ժողովին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուց Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի փոխ-տեսուչ Տ. Տիրան Սբեղայ Պետրոսեանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.