2010-07-14 13:13:37

Սրբազան Քահանայապետը կ՝ընդգծէ Արեւելքի Կաթողիկէներու Համամիութեան Կարեւորութիւնը ։


Սրբազան Քահանայապետը կ՝ընդգծէ Արեւելքի Կաթողիկէներու Համամիութեան Կարեւորութիւնը ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կիպրոսի առաքելական ճամբորդութեան աւարտին նամակ մը յղած է ֆուատ Թուալ-ի, Երոսաղեմի Լատին Պատրիարքին, որուն մէջ շեշտը դրած է Արեւելեան Եկեղեցիներու միութեան կարեւորութեան վրայ։ Նամակը որ Յունիս 7ի թուականը կը կրէ, երկուշաբթի 12 յուլիսին հրապարակուեցաւ Երուսաղեմի Լատիններու Պատրիարքութեան կողմէ ։

Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ազնիւ եւ ջերմ հիւրնկալութեան համար 4-6 յուլիս 2010 Կիպրոս իր կեցութեան ընթացքին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կը յայտնէ ''մեծ գոհունակութիւն'' նկատելով թէ '' շատ մը լատին հին բնիկ կիպրացիներ կառչած մնացած են իրենց հաւատքին եւ իրենց հարուստ ժառանգութեան''։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ կը յորդորէ Սուրբ Երկրի բոլոր Կաթողիկէները '' իւրաքանչիւրը իր լեզուով, աւանդութեամբ եւ կենցաղով'' ճիգ թաբելու ''քոյրերու եւ եղբայրներու նման ուրախ համագործակցութեան''մը ձգտելու։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, եզրափակելով իր նամակը, յոյս կը յայտնէ որ անոնք դառնան ''սիրոյ անխախտ միութեան տիպարներ որ իրական նշաններն են Մի, Սուրբ, Կաթողիկէ եւ Արաքելական Եկեղեցւոյ''







All the contents on this site are copyrighted ©.