2010-07-14 12:38:27

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ (


ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ (ՖՈՐՈՒՄ) 2010
՜՜Համազգայինի Ուսանողական հաւաք 2010-ի՜՜ կազմակերպական աշխատանքները արդէն հասած են իրենց վերջնական հանգրուանին: Ինչպէս այլ երկիրներու, նոյնպէս ալ Լիբանանի մէջ հաւաքը կազմակերպող յանձնախումբը հերթական հանդիպումներով կատարեց անհրաժեշտ դասաւորումները եւ քննարկեց հաւաքին կանոնաւոր ընթացք ապահովելու բոլոր կարելիութիւնները:
Աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ ուսանողներ կարճ ժամանակ մը միատեղել խանդավառ ու դաստիարակիչ մթնոլորտի մէջ՝ մեծ աշխատանքի ու ճիգի կը կարօտի: Այդ աշխատանքը կ՚արդիւնաւորուի 18 յուլիսին, երբ կը սկսի հաւաքը Երեւանի մէջ: Հաւաքին ամէնօրեայ նկարներուն, աշխատանքներուն, այցելութիւններուն ու գործունէութեան կրնաք հետեւիլ այցելելով /a>  կայքէջը:







All the contents on this site are copyrighted ©.