2010-07-14 13:16:22

''Կառավարել'' կը նաշանակէ ''աղօթել եւ խորհրդածել '' կ'ըսէ Ւտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համաւաք Դասի Նախագահը՝ Կարտինալ Պանիասգօ


''Կառավարել'' կը նաշանակէ ''աղօթել եւ խորհրդածել '' կ'ըսէ Ւտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համաւաք Դասի Նախագահը՝ Կարտինալ Պանիասգօ։

՝՝Քահանաներու Հովուական գործունէութիւնը չի կրնար անկախ մնալ աղօթքէն եւ մտածականէն՝՝ ըսած է Ճենովայի Արքեպիսկոպոս եւ Ւտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Նախագահ Կարտինալ Պանիասգոն անցեալ 10 յուլիսին Սուրբ Բադերնիանոյի տօնին առթիւ Իտալիոյ ֆանօ քաղաքի մէջ տեղի ունեացած Սուրբ Պատարագին ընթացքին որուն նախագահած էր։
Ծիրանաւորը անդրադառնալով օրուան սուրբին մասին, յիշեցուց թէ ինչպէս ան ճգնաւորական կեանքէն, ընդառաջելով ժողովուրդի խնդրանքին՝ դարցաւ ֆանոյի եպիսկոպոս եւ տեղական եկեղեցին կառավարեց 40 տարիներ ամբողջ։ Ճգնաւորական աղօթքի եւ մենակեաց կեանքէն հրաժարելու ներքին ընդդիմութիւնը մեծ եղած է, սակայն ժողովուրդին պնդումին մէջ Սուրբը տեսած էր ՝՝Աստուծոյ կամքը՝՝ ուստի յօժարութեամբ յանձն առաւ Հովուական առաքելութիւնը ցոյց տալով նաեւ առաջնորդութեան ձիրքեր։ Միտքս կուգայ (ըսաւ Կարտինալ Պանիասգոն) Սուրբ Պերնարտոսի խօսքը ''կառավարել ամենէն առաջ կը նշանակէ աղօթել եւ խորհրդածել''։ Այսպէս ալ եղաւ Սուրբ Բադերնիանոյի համար։ Լռութեան տարիներու ընթացքին, խորհրդածութիւնը եւ աղօթքը իրեն օգնեցին ըլլալու՝ Հոգիներու Բարի եւ Տիպար մէկ Հովիւը ։
Իսկական Հովիւը - շարունակեց Կարտինալը - Քրիստոսն է ու մենք, եկեղեցականներս Իրեն խորհրդական նշաններն ենք, Ինքն է արօտը ու մենք պէտք ենք ըլլալ միայն ձայն եւ ոչ խօսք, միջոց եւ ոչ դերակատար, դէպի հոգիները առաջնորդող դուռին առջեւ պարզապէս պզտիկ գորգեր։
Հոգիները գտան իրենց ազատութիւնը Քրիստոսի եւ ոչ թէ մեր թափած արեան միջոցաւ ուստի պէտք ենք ըլլալ ուշադիր պահակներ ու հսկել աւետարանի ամբողջականութեան քարոզչութեան եկեղեցւոյ հարազատ ուսուցմունքին համաձայն։
Մարդ արարածը կ'ուզէ երջանիկ ապրիլ - Աստուած զինք ստեղծագործեց այս նպատակին համար- բայց ուրախութիւնը ունի իրողութիւնը որ պէտք չէ կեղծուի, եւ կը շնորհուի անոր որ խոնարհ սրտով մտիկ կ'ընէ ''ճշմարտութեան'' որ նոյնինքն Քրիսստոսն է՝ որ Եկեղեցւոյ ներքեւ կը գործէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.