Բանբեր Հայաստանի Արխիւների Պարբերաթերթը ,Պարբերաթերթի
Հրատարակութեան Յիսնամեակի առթիւ։
13 Յուլիս 1960ին, Հայաստանի պարտադրուած
խորհրդային տիրապետութենէն քառասուն տարի ետք, երկրագունդը երկփեղկած եւ այսպէս կոչուած
՝՝Պաղ Պատերազմի՝՝ օրերուն, երբ խորհրդային հասարակութիւնը մնացեալ աշխարհէն մեկուսացնող
Երկաթէ Վարագոյրը աստիճանաբար ու դանդաղօրէն կը վերցուէր, Երեւանի մէջ լոյս ընծայուեցաւ
՝՝Բանբեր Հայաստանի Արխիւների՝՝ անունով քառամսեայ հանդէս մը։ Հրատարակիչը Խորհրդային
Հայաստանի կառավարութեան՝ ՝՝Ս.Ս.Հ. Մինիստրների Խորհրդի՝՝ առընթեր գործող ՝՝Արխիւային
Վարչութիւն՝՝ն էր։ Իր օրին շրջադարձային քայլ էր կատարուածը։ Գաղափարախօսական ամբողջատիրութեան
ամէնէն մոլեռանդ պետական բնորդը մարմնաւորած խորհրդային կարգերու տակ, յանդուգն քայլ
մըն էր նետուածը դէպի բաց ու ազատ մտածողութիւն։ Կեանքի, բնութեան, տիեզերքի, մարդ անհատի,
քաղաքակրթութեան, մարդկային ընկերութեան, ազգերու կազմաւորման ու զարգացման, հասարակական
յարաբերութիւններու ձեւաւորման, արուեստներու եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան, մէկ խօսքով՝
ամէն ճշմարտութեան վրայ պետական տեսակէտի եւ մեկնաբանութեան մենաշնորհ պարտադրած ՝՝Չարիքի
Կայսրութիւնը՝՝ սկսած էր զիջիլ իր առանձնաշնորհեալ դիրքերը... Առաջին խմբագիրը Վ.
Կզարթմեանն էր, որուն յաջորդեց Ա. Յարութիւնեան ։ Հայ մտաւորականութեան երկու խաւերն
ալ, թէ՛ պետական ծառայամտութեան երի դարձած միջակութիւնները, թէ՛ հայ ժողովուրդին ազգային
յիշողութիւնը վերականգնելու գաղափարական հուրով տոգորուած արժանաւորները, քուլիսային
բուռն պայքարներու նով, կողքկողքի իրենց յայտնագործած արխիւները եւ անոնցմէ ներշնչուած
ուսումնասիրական յօդուածները եւ գրախօսականները ներկայացուցին ընթերցողին։ Սկզբնապէս
նաեւ շատ սահմանափակ եղաւ տպաքանակը ՝՝Բանբեր՝՝ին։ Բայց տարիներու ընթացքին, յատկապէս
1980ականներու երկրորդ կէսին, ՝՝Բանբեր Հայաստանի Արխիւների՝՝ հանդէսը արդէն ստեղծած
էր գիտահետազօտական գլխաւոր բեմի իր տեղն ու արժէքը հայրենի իրականութեան մէջ։
Խորհրդային
կարգերու տապալումէն եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք, վայրագ հասարակափոխութեան
պայմաններուն մէջ, քանի մը տարի ընդմիջուեցաւ ՝՝Բանբեր՝՝ի հրատարակութիւնը։ Բայց այդ
ընդմիջումը նաեւ ծառայեց նախ պետական այս սպասարկութեան վերակազմութեան՝ իբրեւ ՝՝Ազգային
Արխիւի Վարչութիւն՝՝ համապատասխան գաղափարական նկարագիր եւ ուղղութիւն ստանալով։ Միջազգային
հասկացողութեամբ գործող ժամանակակից արխիւներու գաղտնիութեան օրինական ժամկէտը յարգելով
հանդերձ՝՝Ազգային Արխիւի Վարչութիւնը՝՝ բուռն թափով լծուեցաւ ազգային մեր յիշողութեան
սկզբնաղբիւրները պետական գրաքննութենէ ազատագրելու գործին, հանրամատչելի դարձնելով տակաւին
քսանամեակ մը առաջ ՝՝Խիստ Գաղտնի՝՝ հռչակուած շատ ու շատ փաստաթուղթեր եւ արխիւներ։
Ապա,
2003էն սկսեալ իր վերահրատարակութիւնը սկսաւ ՝՝Բանբեր Հայաստանի Արխիւների՝՝ հանդէսը՝
նոր ու ազատ եւ անկախ Հայաստանի գաղափարական հունով։ Խմբագրութիւնը ստանձնեց Ազգային
Արխիւի Վարչութեան պատասխանատուն՝ Ամատունի Վիրաբեանը։ Հրատարակութեան իր ներկայ շրջանին,
հանդէսը լոյս կը տեսնէ տարեկան երկու համարով։ Հանդէսը կը տարածուի անվճար. կը տրամադրուի
ինչպէս հանդէսի էջերուն նիւթեր հրատարակած հեղինակներուն, նոյնպէս եւ Հայաստանի ու սփիւռքի
իտական հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն։ Հանդէսը նախատեսուած է հայագէետներու,
հայոց պատմութեամբ հետաքրքրուողներու եւ արխիւային ոլորտի աշխատողներուն համար։