2010-07-14 13:54:55

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
 



Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՂԱՐԱԲԱՂԸ «ՏԵՂԱՇԱՐԺԻ ԱԿՆԿԱԼԻՔ ՉՈՒՆԻ ԱԼՄԱԹԻԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, որ յուլիս 16-17-ին՝՝Ալմաթիում կայանալիք ԵԱՀԿ-ի անդամ երկրների արտաքին գործերի նախարարների ոչ- պաշտօնական հանդիպման շրջանակներում, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների բանակցութիւններից Լեռնային Ղարաբաղը ոչ մի էական տեղաշարժի ակնկալիք չունի՝՝ ։
Ըստ իրեն, ծայրայեղ ոչ կառուցողական է Ազրպէյճանի դիրքորոշումը։ Բաբայեանի խօսքով, Հելսինքեան սկզբունքները, որոնց մասին իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ նշած էին Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակը համանախագահող պետութիւններու ղեկավարները, կ՝ընդրկեն բազմաթիւ իրաւական չափանիշներ, որոնց մեծ մասին շուրջ կարելի է համաձայնութեան գալ, թէկուզ՝ ձեւական։ Սակայն, անոր համոզումով, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներուն միջեւ կողմերուն մօտ առկայ հակասութիւններուն եւ անոնց կապուած խնդիրներուն մէջ՝ 1988-էն ի վեր որեւէ փոփոխութիւն չկայ։

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒՄԸ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Կ՛ԸՍԷ ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը 12 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսել մեկնած են։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Եւրանեսթի մէջԱզգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի անդամ Արտակ Զաքարեան, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան։ Պրիւքսելի մէջ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Արման Տը Տեքերի հետ։ Ողջունելով իր գործընկերը՝ Արման Տը Տեքեր նշած է, որ Պելճիքա մեծ կարեւորութիւն կ՝ընծայէ Հայաստանի հետ թէ՛ երկկողմ եւ թէ՛ բազմակողմ յարաբերութիւններու զարգացման։ Ան անհրաժեշտ նկատած է երկու խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան խորացումը, որուն մեծապէս նպաստած է նաեւ 2009-ին Երեւան իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին՝ Արման Տը Տեքեր բարձր գնահատած է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի համարձակ եւ նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը, նշելով որ Թուրքիոյ կողմէ նախապայմաններու առաջադրումը ՝՝հիասթափութիւն՝՝ յառաջացուց Եւրոպական Միութեան մէջ։ Ծերակոյտի նախագահը շեշտած է, որ Պելճիքայի խորհրդարանը միշտ Հայաստանի կողքին է, եւ ասոր փաստը 1998-ին Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւի ընդունումն է։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՖՐԱՆՍԱՑԻ, ՌՈՒՍ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ։
Վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի մամլոյ Գրասենեակը՝ ազրպէյճանական ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ չի բացառուիր, որ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին Ալմաթիի մէջ տեղի ունենայ նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը իրենց ֆրանսացի, ռուս եւ ամերիկացի գործընկերներուն՝ Պեռնար Քուշների, Սերկէյ Լաւրովի եւ Հիլըրի Քլինթընի հետ։
Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը համանախագահեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որ կը զբաղի ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով։ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բանակցութիւնները սկսած են 1994 թուականին, երբ կողմերը զինադադարի համաձայնագիր կնքեցին։ ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովը պիտի կայանայ Ալմաթիի մէջ 16-17 յուլիս։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 17 յուլիսին։ Հաւանական է, որ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կողմերը միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԱԾ ։
Երեք տարուայ նորոգումէ մը ետք 12 Յուլիսին վերաբացուած է Հայաստանի առաջին կառավարութեան շէնքը որպէս ՝՝Հրայր եւ Աննա Յովնանեան՝՝ հիմնադրամի վարչական մասնաշէնքեւ արժած է՝ 4 միլիոն տոլար։ 1918 թուականին շէնքը ծառայած է որպէս առաջին հանրապետութեան կառավարութեան նստավայր։ Շէնքի արտաքին ծեսքը ամբողջութեամբ պահպանուած է ,ոչ մի բան փոխուած է,աւելցուած են միայն վերնայարկերը։

ՀԱԿԻՐՃ ՏՈՂԵՐՈՎ.....
Մետվետեւ եւ Մերքել այսօր եւ վաղը Էքաթերինպուրկի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին այլ հարցերու կողքին պիտի քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար."Ալմաթիի մէջ պիտի քննարկուին փեթերսպուրկեան առաջարկները"։

- Նալբանդեան."ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցած միակողմանի բանաձեւը ժխտական կերպով պիտի պիտի ազդէ կարգաւորման գործընթացին վրայ"։







All the contents on this site are copyrighted ©.