2010-07-13 13:39:14

Քահանայապետական Անուանումներ


Քահանայապետական Անուանումներ
10 յուլիսին Պենետիկտոս ԺԶ Սրաբազան Քահանայապետը ընդունելով Բարակուայի Գարափեկուայի Թեմի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Չէլսօ Եկրօս Էսդիկարրիպիայի տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը ըստ Լատին Եկեղեցւոյ կանոնագրի 401րդ յօդուածի նախատեսութեան (թեւակոխած ըլլալով 75 տարեկանը)
անոր տեղ անուանեց Գերապայծառ Ժօագին Հէրմէս Րոպելտո Րոմերօն որ մինչեւ օրս նոյն թեմի օգնական եպիսկոպոս էր։
 
- Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Իրաքի նոր դեսպանին՝՝Իրաքի քրիստոնեաներու իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուին թէ երկրի սահմանադրութենէն եւ թէ ընկերութենէն՝՝ ։
Իրաքի նոր դեսպանը` տիար Հապիպ Ալ Սադտր, Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուց իր հաւատարմագրերը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ մաղթեց որ Իրաքի նոր կառավարութիւնը յարգէ օրէնսդրութիւնը եւ այսպէսով վստահութիւն ներշնչէ Իրաքի քրիստոնեաներուն,որպէսզի անոնք հայրենիք մնան, իսկ արտահանները ետ վերադառնան։ Այդ իրականացնելու համար հարկաւոր է որ պետութիւնը յարգէ եւ գորածդրէ իրաւունքները եւ մասնաւորապէս կրօնական ազատութեան իրաւունքը։
Իրաքի քրիստոնեաները(յարեց Սրբազան հայրը) կ'ուզեն գիտնալ թէ կարող են իրենց հայրենիքը մնալ կամ վերադառնալ, մաղթելով որ իրենց կալուածներն ու ինչքերը վերադարձուին իրենց ու պաշտպանուին նաեւ իրենց իրաւունքները ։
Իրաքի Նոր դեսպանը իր կարգին Սրբազան Քահանայապետին երաշխաւորեց թէ նոր կառավարութիւնը պատրաստ է յարգելու ու պաշտպանելու մարդու բոլոր իրաւունքները։
Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտեց անհրաժեշտութիւնը գործադրելու այդ իրաւունքները եւ իր խօսքը եզրափակեց վերակոչելով յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկան գումարուելիք եպիսկոպոսական սիւնոդոսը Միջին Արեւելքի համար ։ Այդ Սիւնոդհոսը առիթ պիտի տայ զարգացնելու միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, յոյս յայտնելով որ Իրաք դառնայ տիպար՝հանդրժողութեան ու համագործակցութեան քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։ Նշենք որ Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի պատերազմը պատճառ դարձաւ արեւելքի քրիստոնեաներու գաղթին։ Նորին Սրբութիւնը կրկին ու կրկին անգամներ քաջալերած է արեւելքի քրիստոնեաները չգաղթելու իրենց երկիրներէն, հակառակ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն։ Իրաքի բնակչութեան հարիւրէն 97 տոկոսը մահմետական է, իսկ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան հարիւրէն 3 տոկոսը։ Իրաքի նոր դեսպանը ծնած է Քերպալա 1951ին. եղած է զինուորական եւ լրագրող։ Շիիթ մահմետական մըն է եւ կը յաջորդէ Ալպեր Ելտայի, քրիստոնեայ մը որ 2004ին Հռոմ եկած էր։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.