2010-07-13 13:08:37

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐ ԱՐԸ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ։
Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքի պիտի այցելէ Վրաստան, Հայաստան եւ Ղազախստան։ Այսօր ան պիտի ժամանէ Հայաստան եւ բանակցութիւններ պիտի վարէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Զայն պիտի ընդունի նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ըստ ՝՝Երկիր Մետիա՝՝ին, բացի Արեւելեան Գործընկերութիւն ծրագիրին առնչուող հարցերէն, Ռ. Սիքորսքի պիտի քննարկէ նաեւ վրացական- ռուսական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցեր։ Ղազախստանի մէջ Սիքորսքի պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ոչ- պաշտօնական վեհաժողովին։
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՊԵԼՃԻՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
«ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԵԶՐԵՐ ՉԿԱՆ»
Կ՛ԸՍԷ ԳԷՈՐԳԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ։
10 յուլիսին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի տարբեր համալսարաններու դասախօսներու եւ ուսանողներու խումբի մը հետ։
Հիւրերուն խնդրանքով նախարարը պատասխանած է բազմաթիւ հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի նախապատմութեան եւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, Արցախի յետ-պատերազմեան վերականգնումներուն եւ տնտեսական զարգացման, երկրին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն, միջազգային հանրութեան Արցախի մասին անաչառ տեղեկատուութեան ներկայացման եւ այլն։ Ակնյայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է անկախ ըլլայ։ Ղարաբաղի անկախութիւնը մեր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին ոչ միայն այսօրուան քաղաքական կամքն է, պէտք է անդրադառնալ պատմութեան, այդ մէկը հասկնալու համար։ Եթէ մենք իրաւունք ունեցած ենք մեզի պարտադրուած պատերազմը դադրեցնող փաստաթուղթեր ստորագրելու, ապա բնականաբար իրաւունք ունինք մեր ազատ ապագան կառուցելու։ Այս դրոյթէն մեկնելով պէտք է դիտարկել շատ քայլեր, զորս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը նախաձեռնէ եւ պիտի նախաձեռնէ (նշած է Գէորգի Պետրոսեան) ։
Իսկ Պելճիքական պատուիրակութեան անդամները նկատած են Լեռնային Ղարաբաղի նշանակելի յաջողութիւնները քաղաքացիական հանրութեան կառուցման եւ տնտեսական յառաջընթացի առումով։ ( 5 յուլիս 1921ին Ստալինի ապօրինի ու անարդար որոշումով Լեռնային Ղարաբաղի բռնի կցումը կ՝իրականանար Ատրպէյճանին )։

ԱՐՑԱԽ։ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ԶՕՐԱՄԱՍԵՐՈՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ։
Երէկ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է հանրապետութեան բանակի շարք մը զօրամասերու եւ զօրամիաւորումներու նոր նշանակուած հրամանատարները։
Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարը շնորհաւորած է ներկաները եւ անոնց մաղթած է խաղաղ եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն։ Նախագահը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բանակը կը հանդիսանայ երկրին անկախութեան եւ անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխաւորը եւ այսուհետեւ կարելին ի գործ պիտի դրուի անոր մարտունակութեան շարունակական բարձրացման համար։ Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան։
ՀԱԿԻՐՃ ԼՈՒՐԵՐ ։
 Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը յայտնէ, թէ երէկ Քլինթըն-Տաւութօղլու հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է։
Պելճիքայի ծերակոյտի նախագահը կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին մէջ նախապայմաններու առաջադրումը Եւրոպական Միութեան մէջ հիասթափութիւն յառաջացուց։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Պրայզայի Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակման նկատմամբ իր վերապահութիւնները կը փոխանցէ քոնկրեսականներուն։
Թուրքիա եւ Իրան, Իրանի հարաւային Փարս շրջանին մէջ բնական կազի շահագործման համաձայնութիւն մը պիտի գոյացնեն։







All the contents on this site are copyrighted ©.