2010-07-13 13:24:57

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ



    2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ


Հայ Կինը եւ Ցեղասպանութիւնը։
95 տարիներ անց հայ կնոջ պարտականութիւնը եւ դերը Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ տակաւին առկայ է ու ճակատագրական։
Ցեղասպանութեան օրերուն հայ կինը մնաց իր հերոսական դիրքին վրայ առանց զիջումներու, ու դաստիարակիչ օրինակ դարձաւ յաջորդ սերունդներուն։ Այսօր եւս Հայ կինը ու մայրը մանաւանդ, մեծ պարտականութեան ու պատասխանատուութեան առջեւ կը կանգնին։ Զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան բաժինը նաեւ յանձնուած է հայ մօր, անկասկած։ Առաւել կամ նուազ չափով պատասխանատու է հայ մայրը՝ սկիզբէն վարժեցնելու, մղելու, առանց չափազանցութեան որոշ պարտաւորութիւններ դնելու իր զաւակին վրայ։ Ազգային գիտակցութիւնը անշուշտ շատ կանուխ տարիքին պիտի չգայ, սակայն ընտանեկան սովորութիւններու երբեմնի մեքենայական վարժութիւնը, որոշ տարիքէ մը ետք կը դառնայ յիշողութենէն եկած ու արմատացած գիտակցութիւն։ Եթէ երեխան վարժ է, որ ամէն Ապրիլ 24ին, ծնողքին առաջնորդութեամբ պիտի ուղղուի իր տարիքին համապատասխանող ձեռնարկի մը, ապա մեծնալով՝ այդ վարժութեան մէկ մասնիկը ինք անձամբ պիտի իրականացնէ։ Ամէն տարիքի կարելի է արծարծել Ցեղասպանութեան թեման։ Պայման չէ շատ փոքր տարիքին արհաւիրքն ու հսկայական աղէտները ցայտուն կերպով բացատրել, սակայն կարելի է ամէն գնով նուազագոյն, բայց յստակ ու հետեւողական դաստիարակութեամբ հանդէս գալ՝ իւրաքանչիւր օր բացատրելով ու հասկցնելով երեխային, թէ կը պատկանի այն հազուագիւտ ազգերէն մէկուն, որոնք ունին երկար եւ բեղուն ազգային պատմութիւն, եւ դարաւոր հայրենիք, բայց այսօր իրենց հողերէն մաս մը բռնագրաւուած է եւ անոնք պահանջելու աշխատանքը մեզի յանձնուած է. անիկա մեր պարտականութիւններու ամէնէն կարեւորներէն կը համարուի։
Այս իմաստով, ինչպէս դաստիարակութեան միւս բնագաւառներէն ներս, նաեւ դպրոց-ակումբ-եկեղեցի գործակցութեան ներդումը շատ կարեւոր դեր ունի կատարելիք։ Ծնողքը, իր կարգին, անհրաժեշտ միջամտութեամբ պիտի գործակցի այս երեքին հետ։ Հետեւողական կերպով դաստիարակելու, ուղղելու ու նաեւ քաջալերելու դիրքին վրայ պիտի գտնուի ծնողքը։ Ամէն առիթներու անմիջական միջամտութիւններէ պիտի խուսափի, սակայն քաջալերելով՝ շատ բան պիտի վարժեցնէ իր զաւակներուն։
Դպրոցական ձեռնարկներու պարագային, ծնողքը իր զաւակին ներկայութիւնը պէտք է պահանջէ։ Ան նաեւ կամաւոր ծառայութիւն կատարելու խթանող ուժը պէտք է հանդիսանայ։
Ծնողք-դաստիարակ գործակցութեամբ կարելի է յաջողութեան հասնիլ եւ կամեցած արդիւնքը նուաճել։ Վստահ ըլլանք մեր կատարած աշխատանքէն։ Հաւատանք, որ մեր զաւակը իր ազգային դաստիարակութեան արմատացումով նպաստած պիտի ըլլայ իր անձին ու նաեւ իր հայրենիքին ու ազգին։ Ազգային դաստիարակութենէ եւ գիտակցութենէ զուրկ անհատը, կատարեալ անհատ չի կրնար ըլլալ։ Ազգային պարտականութիւնները կատարելու գիտակցութիւն եւ համոզում սերմանենք մեր անձնական օրինակով։ Մենք անձամբ որքա՞ն կամաւոր աշխատանք կը տանինք եւ ինչպիսի՞ ակնկալութիւններով կը մօտենանք այդ աշխատանքներուն։ Մեր երեխան մեր աշխատանքը կ՛ընդօրինակէ մեր խօսածը կամ քարոզածը իրագործելէ աւելի։
Պահանջատէր հայ ունենալ եւ դաստիարակել, կը նշանակէ ուժեղ եւ կայուն նկարագիրով մարդ կերտել։ Բոլոր ծնողներուն երազն է իսկական մարդ եւ հետեւողական նկարագիրի տէր անհատներ պատրաստելը։ Իսկ ազգային իմաստով մեր նպատակներուն հասնիլն ու հայրենական պահանջատիրութեան մէկ մասնիկը ըլլալը, բոլորիս համար պատուաբեր երեւոյթներ են ու ցանկալի վարքագիծ։







All the contents on this site are copyrighted ©.