2010-07-12 12:56:37

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ։
Այսօր, Երկուշաբթի 12 Յուլիսին տեղի կունենայ Հրանդ Տինքի սպանութեան հերթական դատավարութիւնը։ Հակառակ անոր որ Տինքի սպանութենէն անցած է 3.5 տարի, հիմնական պատասխանատուները բացայայտելու ուղղութեամբ որեւէ լուրջ յառաջխաղացք չէ արձանագրուած։ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններ Ֆեթհիյէ Չեթին եւ Կիւնայ Տաղ յայտարարած են, որ Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութիւնները, սթաթիւս քոյի կողմնակից բանակի թեւն ու դատական համակարգը կուզեն պահել Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի իսկական պատասխանատուները եւ փակել դատական հարցը։ Նշելէ ետք թէ ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատական հարցի իսկական պատասխանատուներու բացայայտման՝կը խոչընդոտեն թէ՛ քաղաքական իշխանութիւնները եւ թէ՛ դատական համակարգը,փաստաբանուհի Չեթին յայտնած է, որ դատական հարցը ներկայ պահուս կը գտնուի Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ, եւ իրենք կը սպասեն անոր։
Իսկ Փաստաբան Կիւնայ Տաղ իր կարգին յայտարարած է, որ դատարանը կը մտածէ մէկ վայրկեան առաջ դատական հարցը փակելու մասին։ Անոնց նպատակն է դատապարտել երեք կասկածելիները եւ, այդպիսով, առանց հիմնական պատասխանատուները բացայայտելու՝ փակել գործը (ըսած է ան) ։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ։
Կիրակի, 11 յուլիս -ի առաւօտուն, Արամ Ա-ին կաթողիկոսարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյմանին։ Հանրապետութեան նախագահը եկած էր անձամբ ցաւակցութիւն յայտնելու վեհափառին՝ անոր հօր մահուան առիթով։ Այս հանդիպման ներկայ էին կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք Խաչերեան, Լիբանանի հայ պետական նախարարները ու երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ղեկավար մարմիններուն ներկայացուցիչները։ Այս առիթով վեհափառը վերահաստատեց Լիբանանի հայութեան կեցուածքը՝ միշտ զօրավիգ կանգնելու լիբանանեան պետականութեան, անոր հաստատութիւններուն, երագոյն սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, որոնք կը մարմնաւորուին հանրապետութեան Նախագահին ճամբով։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ կարծիքներ փոխանակելու Լիբանանը եւ ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերուն շուրջ։ Նշենք որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի նախ քան այցելած էր Արամ Ա.ին Կաթողիկոսին։

ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԿԱՍԵՑՆԵԼ ԴԷՊԻ ԿԱԶԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ԼԻՊԻԱԿԱՆ ՆԱՒՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԸ։
Իսրայէլ երէկ դարձեալ սպառնաց, մինչ լիպիական մարդասիրական կազմակերպութեան մը նաւը շաբաթ օր Յունաստանէն ճամբայ ելաւ՝ խզելու դիտաւորութեամբ Կազայի կրարկուած շրջափակումը։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի չարտօնէ, որ լիպիական կազմակերպութեան մը կողմէ ուղարկուած նաւը Կազա հասնի։ Ասիկա շատ յստակ կըսեմ, որեւէ նաւ Կազա պիտի չհասնի։ Պիտի չարտօնենք, որ մեր գերիշխանութիւնը վնասուի(յայտարարեց Լիպըրման իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանէն )։ Իսրայէլ շաբաթ օր յաւելեալ ճնշում բանեցուց յունական, եգիպտական եւ մոլտաւիական իշխանութիւններուն վրայ, կասեցնելու համար Կատաֆֆի-ի անուան միջազգային մարդասիրական եւ զարգացման հիմնարկի նաւուն դէպի Կազա նաւարկումը։
 2010-Ի ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՄՈՆՏԻԱԼԸ ։ ՍՊԱՆԻԱ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ` ԵՐԿԱՐԱՁԳՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ 1 - 0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԵԼԷ ԵՏՔ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻՆ։
Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած 2010-ի Մոնտիալը , կիրակի, 11 յուլիսին վերջ գտաւ, երբ տեղի ունեցաւ Սպանիա - Հոլլանտա աւարտական մրցումը՝ Ճոհանեսպուրկի մէջ գտնուող ՝՝Սաքըր Սիթի՝՝ դաշտին վրայ՝ ներկայութեամբ աւելի քան 84 հազար համակիրներու։ Երկու խումբերն ալ ցարդ չէին բարձրացուցած աշխարհի բաժակը։ Ատիկա վիճակուեցաւ Սպանիոյ, որ 1 - 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հոլանտան իր պատմութեան մէջ առաջին անամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան։ Նշենք, որ մրցումին յաղթականը վճռուեցաւ երկարաձգման ընթացքին, նկատի ունենալով որ 90 վայրկեանները աւարտեցան 0 - 0 արդիւնքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.