2010-07-09 13:52:49

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի Պատուիրակութիւնը՝ Ֆրանսա - Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Սերժ Լակոշի գլխաւորութեամբ։ Ողջունելով հիւրերը՝ Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատեց ֆրանսացի ծերակուտականներու անձնական ներդրումը հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր։
ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նոյնպէս ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա - Հայաստան բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը, խումբի ղեկավար Սերժ Լակոշի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպման ներկայ էին երկու երկիրներու դեսպաններ Վիէն Չիթեչեան եւ Սերժ Սմեսով։ Ազգային ժողովի նախագահը շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցումը եւ եւրոպական համարկման քաղաքականութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ներքին բարեփոխումներու առաջնահերթութիւններէն են եւ Հայաստանի մէջ կը շարունակուին ժողովրդավարութեան խորացման ուղղուած բարեփոխումները։ Աբրահամեան անդրադարձաւ նաեւ վերջին շրջանին աւելի յաճախ դարձած ազրպէյճանական ռազմատենչ յայտարարութիւններուն եւ Պաքուի կողմէ զինադադարի խախտումներուն։ Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամը Սերժ Լակոշ իր կարգին շեշտեց խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման, փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի նպաստէ Ֆրանսա - Հայաստան փոխադարձ գործակցութեան առաւել զարգացման եւ ամրապնդման։ Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին ջանքերը՝ ուղղուած ֆրանսախօսութեան զարգացման Հայաստանի մէջ։ Երկու կողմերը ընդգծեցին խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացումը եւ միջազգային կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը։
«ԱՅԺՄ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՌՈՊԸՐԹ ՊՐԱՏՔԷ ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ Պի Պի Սի-ի ազրպէյճանական ծառայութեան տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման առնչութեամբ ընթացող բանակցութիւններու որոշ մանրամասնութիւններ։ Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը Հայաստան եւ Ազրպէյճան կարեւոր դեր ունեցաւ տագնապի լուծման մօտեցման մէջ։ Ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ վճռական են աջակցելու կողմերուն՝ հարցի լուծման գործին մէջ։ Ան նաեւ յայտնած է, որ բանակցութիւններու ներկայ հանգրուանին կողմերը կարճաժամկէտ խոչընդոտներու փոխարէն պէտք է ապագային նային։ Պրատքէ նաեւ յայտնած է, որ որոշակի յառաջընթաց մը արձանագրուած է։ Կողմերը համաձայն են, որ լուծումը պէտք է հիմնուի Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ։ Կողմերը կ՝ընդունին վեց տարրեր, որոնք երկու անգամ ներկայացուած են Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն կողմէ։
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ։
Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած Եւրոպական Ընկերային Ֆորումի մասնակիցները յարգեցին Հրանդ Տինքի յիշատակը ։Պոլսոյ մէջ, Յուլիս 1-4, տեղի ունեցաւ Եւրոպական Ընկերային Ֆորումը, ուր մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ երկիրներէ համախմբուած ներկայացուցչութիւններ։
Կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն յատկացուած տաղաւարներու մուտքին զետեղուած էր Հրանդ Տինքին յիշատակը յարգող մեծադիր պաստառ մը, ուր արձանագրուած էր ՝՝Հրանդին համար, արդարութեան համար՝՝ նախադասութիւնը, Հրանդին բարեկամները ստորագրութեամբ։ Նոյն լոզունգով թռուցիկներ պատրաստուած էին, որ ժողովուրդին կը բաժնուէին։ Շաբաթ օր երեկոյեան, կազմակերպուեցաւ Ֆորումի քայլարշաւը՝ 5-7000 հոգիի մասնակցութեամբ, որ խորհրդանշականօրէն ճամբայ ելաւ ՝՝Ակօս՝՝ի խմբագրութեան գնտուած շէնքին առջեւէն։ Ֆորումի աշխատանքներուն յունական կազմակերպութիւններու ներկայութիւնը զգալի էր, ներկայ գտնուեցաւ Սիրիզա կուսակցութեան նախագահ Ալեքսիս Ցիփրաս, ինչպէս նաեւ 300ի մօտ յոյն մասնակիցներ։
ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԷՊԻ ՀԱՆՐ ԱՔՈՒԷ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ։
Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժեց երկրի մեծագոյն ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, Սահմանադրական փոփոխութիւններու օրէնսդրական թղթածրարը չեղեալ յայտարարել պահանջող դիմումը։ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հաշիմ Քըլըճ յայտարարած է, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումով Սահմանադրական փոփոխութիւններու օրէնսդրական թղթածրարին մէջ չեղեալ յայտարարուած են միայն դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդին եւ Սահմանադրական Դատարանի անդամներու ընտրութեան առնչուող յօդուածները։
Այսպիսով, 12 սեպտեմբերին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ համաժողովրդային հանրաքուէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.