2010-07-09 14:13:42

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Սուլմոնայի Երիտասարդներուն։


 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Սուլմոնայի Երիտասարդներուն։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը , կիրակի օրը յուլիս 4-ին, Իտալիոյ Սուլմոնա թեմին կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաւ թեմի երիտասարդներուն հետ ,քաղաքի Աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ։ Ան այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ իր ուրախութիւնը արտայայտեց այս հանդիպումին համար, որ նման է ՝՝ընտանիքի հօր մը հանդիպումին՝ իր զաւակներուն հետ՝՝ ։
Ձեր ուղղած հարցումները (ըսաւ Սրբազան Հայրը)մեզի առիթ տուին ՝՝գործածելու՝՝ միտքն ու սիրտը, ամէնէն կարեւոր բանը աշխարհի վրայ,այն է սորվիլ լաւ գործածել իմացականութիւնը եւ իմաստութիւնը, որ Աստուած մեզի պարգեւեց։ Անցեալին այս աշխարհի մարդիկը կարելիութիւն ու միջոց չունէին սորվելու եւ ոչ իսկ կարելիութիւնը ունէին իրենք զիրենք պարտադրելու ընկերութեան մէջ, սակային ունէին այն ինչ որ ճշմարտապէս հարուստ կը դարձնէր այրն ու կինը` հաւատքը ու բարոյական արժէքները, որ կը կազմաւորէ անհատն ու քաղաքացիական համակեցութիւնը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց երիտասարդ մը ու երտասարդուհի մը , որ հարցումները բանաձեւած էին յանուն իրենց բոլոր տարիկիցներուն, որովհետեւ իրենց հարցումներուն մէջ կը խօսէին պատմական յիշողութեան մասին։ Պատմական յիշողութիւնը կարեւոր է մարդու կեանքին համար, որովհետեւ առանց անցեալի չկայ ապագայ։ Անցեալին կ'ըսուէր թէ պատմութիւնը կեանքի ուղեցոյցն է։ Այսօր` սպառաողական մշակոյթը, կ'աշխատի ամէն ինչ ներկայի մէջ սահմանափակելու , մոռցնել տալու անցեալի իմաստն ու նշանակութիւնը։ Այդ կատարելով կը զրկէ մարդը ինքզինք հասկնալու կարողութենէն, հարցերը տեսնելու եւ ապագան կառուցելու։

Հետեւաբար սիրեցեալ երիտասարդներ ու պարմանուհիներ(յարեց Նորին Սրբութիւնը ) կ'ուզեմ ձեզի ըսել թէ ՝՝քրիստոնեան այն է որ լաւ յիշողութիւն ունի, կը սիրէ պատմութիւնը եւ կ'աշխատի զայն ճանչնալու համար՝՝ ։ Այս պատճառաւ ուրախ եմ որ խօսեցաք Չելեսթինօ՝ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետին ուսուցումին ու արժէքին մասին։ Սիրելիներ աշխատեցէք օրուան մէջ ժամանակ գտնելու Աստուծոյ համար, լսելու Անոր ձայնը ու խօսելու Անոր հետ , Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ անոնց. ՝՝ճշմարիտ աղօթքը իրողութենէն հեռու չէ։ Եթէ աղօթքը հեռացնէ ձեզ իսկական կեանքէն, ուշադիր եղէք,որովհետեւ այդ ճշմարիտ աղօթք չէ։ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը երաշխիք է ճշմարտութեան՝՝։ Ինծի հարցուցիք թէ ինչպէս կարելի է ըլլալ ՝՝աշխարհէն՝՝ առանց ըլլալու ՝՝աշխարհին՝՝։ Կը պատասխանեմ ՝՝շնորհիւ աղօթքին, կապ կը հաստատենք Աստուծոյ հետ։ Բառերու շատութիւնը չէ կարեւորը,այլ մեր ներկայութիւնը Աստուծոյ մօտ ու անոր հետ ։ Տէրունական Աղօթքը ինքնին կ'ամփոփէ մեր կեանքի բոլոր հարցերը։ Ս. Հաղորդութեան պաշտմունքը , Աւետարանի ընթերցումը։ Այս ամէնը մեզ կեանքէն չեն հեռացներ, այլ մեզի կ'օգնեն մեր ինքնութիւնը պահպանելու։ Սիրելիներ, հաւատքը եւ աղօթքը հարցերը չեն լուծեր, այլ կ'օգնեն մեզի զանոնք դիմագրաւելու՝ նոր լոյսով ու քաջութեամբ։ Եթէ Եկեղեցւոյ պատմութեան ակնարկ մը նետենք պիտի տեսնենք թէ հարուստ են բոլոր անոնք որոնք սուրբերով ու երանելիներով մշտատեւ հաղորդակցութեան մէջ էին Տիրոջ հետ, հաւատքով լուսաւորուած, ու Ս. Հոգիէն ներշնչուած, անոնք կարողացան նախաձեռնութիւններ առնել եւ օգտակար լուծումներ գտնել մարդու պահանջներուն, ինչպէս առողջապահութեան, դաստիարակութեան, աշխատանքի վերաբերեալ հարցերու գծով։ Սիրեցեալ երիտասարդներ դուք եւս թող տուէք որ Քրիստոս ձեզ լուսաւորէ, պահեցէք ձեր խանդավառութիւնը եւ ուրախութիւնը։ Ձեզ տեսնելով կը զգամ թէ Եկեղեցին երիտասարդ է եւ կը վերադառնամ Վատիկան ուրախ, նման Հօր մը որ երջանիկ է, որովհետեւ տեսաւ որ զաւակները կ'աճին եւ լաւ կ'աճին։ Յառաջացէք Աւետարանի ուղիով, սիրեցէք Եկեղեցին, մեր մայրը, եղէք սրտով պարզ ու հեզ, եղէք խոնարհ եւ վեհանձն։ Ձեզ ամէնքդ կը յանձնեմ ձեր պաշտպան սուրբերու հովանաւորութեան եւ մասնաւորապէս Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական գուրգուրանքին ։ Սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ(ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,եզրափակելով իր խօսքը) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.