2010-07-08 12:39:04

Սպանիա - 2011 ի Երիտասարդական Համաշխարհային օր (ճմճ)  


Սպանիա - 2011 ի Երիտասարդական Համաշխարհային օր (ճմճ)  
Սպանիայ Պենետիկտոս ԺԶ սրաբազան քահանայապետը ցանկին առաջին արձանագրուողը։

Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը հանդիսացաւ առաջին արձանագրուողր Համաշխարհային երիտասարդական 2011 ի օրուայ որ տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մայրաքաղաք մատրիտի մէջ 16 -21 օգոստոս 2011։ Արձանագրութիւններու բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ յունիս 1ին եւ մինչեւ օրըս իրենց մասնակցելու իղձը յայտնաբերած են աւելի քան 600 հազար երիտասարդ երիտասարդուհիներ որոնցմէ 120 հազաըր իտալացի է , 70 հազարը ֆրանսացի, 50 հազարը Լեհ եւ 25 հազարը հիւսիսային ամերիկացի։ Կարելի է արձանագրուիլ 24 ժամ 24 ժամի վրայ on-line կայքէջի միջոցաւ աշխարհի ոեւէ մէկ երկրէն։ Նախատեսուած են հինգ լեզուներով տեղեկութիւններ (Սպաներէն - Անգլերէն - ֆրանսերէն - Իտալերէն եւ Լեհերէն) ինչպէս նաեւ Անգլերէն եւ Սպաներէն հեռախօսային սպասարկութիւն։ Կարելի է արձանագրուիլ ըլլայ անհատական ըլլայ խմբային կերպով։ Այս արձանագրութեան առաջին քայլը շատ կարեւոր է' յայտարարած է Գերապայծառ Սեզար ֆրանքօն' Մատրիտի տեղապահ Եպիսկոպոսը, մեր փափաքն է լաւագոյն կերպով ընդունիլ երիտասարդները եւ ասօր համար պետք ենք տեղեակ ըլլալ իրենց պահանջներուն ինչպէս օրինակ պարկիլը եւ ուտելը կամ հաւաքական առիթներ ստեղծելու սրահներ կամ բացօթեայ վայրեր եւլն...։ Զօրակցութիւնը ուրիշ կարեւոր կէտերէն մին է ամէն մասնակից կրնայ 10 եւրօ աւելցնել իր մասնակցութեան տուրքին' իբր զօրակցութեան ֆոնտ, աւելցուց Գերապայծառ ֆրանքօն' որով այս երիտասարդած օրերը բոլորին կը պատկանին եւ ոչ միայն ունեւորներուն եւ այն որ կարողութիւն ունի պետք է օգնութեան հասնի ուրիշներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.