2010-07-08 13:08:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՖՐԱՆՔ ՓԱԼՈՆ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ԿՐԿՆԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԿՈՉԸ ։
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով Յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն ողջունած է արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ վերահաստատած է մէկուկէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ուղղուած իր կոչը։ Ֆրանք Փալոն յայտնած է, որ Հիլարի Քլինթընի ուղեւորութիւնը Հարաւային Կովկաս ցոյց կու տայ շրջանին հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց կարեւորութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր յարգալից արտայայտութիւն մըն էր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան՝ ամէնէն բարձր մակարդակով յառաջընթացի վկայութիւնը(նշած է Ֆրանք Փալոն) ։ Հայամէտ քոնկրեսականը յոյս յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարը շարունակէ հաւատարիմ մնալ շրջանին մէջ յարաբերութիւններու բարելաւման։
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԲԵՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ՝՝ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՉԷ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ՝՝ ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չկայ։ Ուաշինկթընի մէջ առօրեայ մամլոյ զեկուցումի մը ընթացքին Թոնըր ըսած է , որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն զօրակցիլ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցման։
ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՏՆՈՂ ԿԱԶԱՏԱՐԻ ՎԱՃԱՌՔԻՆ։
Վրաստանի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է ռուսական կազը Վրաստանի տարածքով Հայաստան տեղափոխող կազատարի վաճառքին վերաբերեալ օրէնսդրական նախաձեռնութեան։ Ռուսական Ար. Պի. Սի. լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ երէկ տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, 88 պատգամաւորներ թեր քուէարկած են նոր օրինագիծին, իսկ 5ը՝ դէմ։ Հակառակ անոր որ տուեալ օրինագիծը ընդունուած է, ընդդիմութիւնը դէմ արտայայտուած է կազատարը սեփականաշնորհելու։ Ըստ ընդդիմութեան, կազը պէտք է իբրեւ պետական սեփականութիւն մնայ, որովհետեւ իբրեւ գնորդ կրնան յայտնուիլ ռուսական ընկերութիւններ, որոնք ուժանիւթի եւ տնտեսական սպառնալիք կը ներկայացնեն Վրաստանի համար։
«ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԼՌԵՑՆՈՂՆԵՐԸ ԱՆՊԱՏԻԺ ԵՆ»
Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ։
Ըստ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի հեղինակած Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութեան իրաւունքը զեկուցումին, լրագրողներու խօսքի ազատութեան սահմանափակումները շատ մը պարագաներու քաղաքական ենթահող ունին, քանի որ անոնց նկատմամբ բռնութիւններ կը կիրարկուին ընտրութիւններու նախօրեակին կամ այդ օրը։
5 մասէ բաղկացած փաստաթուղթին մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը անդրադարձած է խօսքի ազատութեան վերաբերող օրէնսդրութեան, լրագրողներու իրաւունքներու խախտումներուն, մամլոյ, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին տուեալներով, Հայաստանի մէջ լրագրողները բռնութեան կ՝ենթարկուին մասնագիտական պարտականութիւններու կատարման համար եւ մեղաւորները իբրեւ կանոն պատասխանատուութիւն չեն կրեր։ Թէեւ խօսքի ազատութեան իրաւունքի խախտումները նուազած են, բայց ընդհանուր վիճակը չէ փոխուած։ Իսկ ընդհանուր առմամբ, իրենց աշխատանքը խոչընդոտելու փորձերու մասին լրագրողները պաշտպանի գրասենեակը տեղեակ կը պահեն։
ՔՐԵՄԼԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՆՈՒԱՍՏԱՑՆԷ ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՈՆ։
Սպանական ՝՝Էլ Փայիս՝՝ օրաթերթը կը գրէ որ Կրեմլին, պատկերասփիւռը օգտաործած է Պիելոռուսիոյ նախագահը վիրաւորելու եւ անոր հասցէին լուրջ մեղադրանքներ առաջադրելու համար։ Էյչ.Թի.Պի պատկերասփիւռի կայանին միջոցով ցուցադրուած փաստագրական ժապաւէնին մէջ Լուքաշենքոն կը ներկայացուի իբրեւ Հիթլերին համակրող բռնապետ, որուն շուրջ իր հիմնական քաղաքական ընդդիմախօսները անյայտացնելու ու սպանութեան շուրջ կասկածներ կան։ Նշեալ պատկերասփիւռի կայանը կը պատկանի Կազփրոմի եւ կը վերահսկուի Կրեմլինի կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.