2010-07-07 13:56:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը Եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ ։ 


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը Եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ ։ 
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այսօր իր անձնական գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսաց Ժողովի Քարտուղար Կարտինալ Մարգ Ուլլէթը։ Իսկ առաւօտեան ժամը 10,15, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութենէն անմիջապես առաջ, Նորին Սրբութիւնը օրհնեց Սուրբ ''Աննիպալէ Մարիա Տի ֆրանչայի'' (1851 - 1927) արձանը , որ զետեղուած է Վատիկանի Բիացցա տէյի Փրօդօմարդիրի Ռոմանի՝՝ կոչուած բակը։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը աղօթք մը արտասանեց հայցելով սուրբին բարեխօսութիւնը՝ որբերու եւ աղքատներու օգնութեան։ Օրհնութեան արարողութեան աւարտին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն նախագահեց Կարտինալ Թարչիզիօ Պերդոնէ-ն' Վատիկանի Պետական Քարտուղարը։ Սուրբ զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերապայծառ Ճիովաննի Մարրան,Մէսսինա քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը, Գերապայծառ Օդդավիօ Վիթալէն եւ Հայր Ճիորճիօ Նալին որ Մեծաւորն է Յիսուսի Սուրբ Սրտի Միաբանութեան, սոյն Միաբանութեան կը պատկանէր նաեւ Աննիպալէ Մարիա Տի ֆրանչա Սուրբը։

Սրբազան Քահանայաապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։ 
Չորեքշաբթի յուլիս 7ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։ Սրբազան Քահանայապետը այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Երանելի Ժան Տանս Սգոթի դիմագիծին վրայ եւ անոր աստուածաբանական ուսումնասիրութեան։ Պատմութեան եւ Տիեզերքի Կեդրոնը' Քրիստոս' մեր կեանքին կը շնորհէ իմաստ, արժէք եւ արժանապատութիւն։ Ճշմարտութենէն հեռանալով' ազատութիւնը կը քանդէ մարդկային ներքին խաղաղութիւնը եւ յառաջ կու գայ չարչարանքը։Այս բոլորը կը կատարելագործուի միայն երբ մարդը Աստուծոյ կը դիմէ եւ անոր իր սիրտը կը բանայ, կ'ընդունի անոր խօսքը եւ կ'ըմբռնէ յայտնութեան իմաստը։ Սիրելիներ'(ըսաւ նորին Սրբութիւնը) Երանելի Ժան Տանս Սգոթի մտածելակերպը կը բխի իր հեզութենէն եւ Սուրբ խորհուրդներու հայեցողութենէն։ Թող Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կոյսը Ձեզ օգնական ըլլայ։

Խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մասնաւորապէս յիշելով երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակեալները ։ Մի ամչնաք ձեր հաւատքը յայտնաբերելու եւ հպարտ եղէք ձեր քրիտոնեայ հաւատքով։ Ձեզի կը մաղթեմ արդիւնաւոր ուխտագնացութիւն յաւիտենական քաղաքի մէջ եւ բարի արձակուրդ։ Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը յետ միջօրէին կը մեկնի Հռոմի շրջանի Գասդեկանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցը ուր պիտի մնայ մինջեւ հոկտեմբերի սկիզբը։





Քահանայապետական Անուանումներ 
7 յուլիսին Պենետիկտոս ԺԶ սրաբազան Քահանայապետը Պրազիլի Վիանայի նոր եպիսկոպոս նշանակեց' Գերապայծառ Սապասթիաօ Լիմա Տուրանդէն որ մինչեւ օրըս Տզէ Տոգայի Թեմի Տեղապահ Եպիսկոպոսն էր։ Գերապայծառ Տուրանդէն կը յաջորդէ Կզավիէ Ժիլ տը Մոբո Տ'ապլէժ եպիսկոպոսին որ տարիքի բերումով իր հրաժարականը ներկայացուց ըստ Լատին եկեղեցւոյ Կանօնագրի 401րդ յօդուածի նախատեսութեան համաձայն։

Իսկ յուլիս 6ին Սրբազան Քահանայաապետը սան ֆրանսիսկոյի աւագ թեմի օգնական եպիսկոպոս անուանեց Գերապայծառ Րոպերդ Մէգըլրոյը որ մինչեւ օրըս սոյն թեմի ժողովրդապետի պաշտօն վարած էր։







All the contents on this site are copyrighted ©.